Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Հայաստանի ՄԷջ Ոսկերչութեան Եւ Ադամանդագործութեան Ոլորտին ՄԷջ Պիտի Իրականացուի 7,5 մլն Տոլարի Ներդրումային Ծրագիր

Կառավարութեան որոշմամբ «Քէյ ՃԻ Տայմոնտ» ՍՊԸ-ին տրուեցաւ «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին մէջ շահագործողի կարգավիճակով գործունէութիւն ծաւալելու թոյլտուութիւն: ՀՀ տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ ընկերութիւնը ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կը նախատեսէ ծաւալել ոսկերչութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտներու գործունէութիւն:

«Քէյ ՃԻ Տայմոնտ»-ը մտադիր է «Մերիտիան»-ի մէջ 9 տարուան ընթացքին ներդրուﬓերու ծաւալը հասցնել 7,5 մլն տոլարի: 2016թ. ընթացքին կը նախատեսուի բանալ 15 նոր աշխատատեղ եւ մօտակայ 5 տարուան ընթացքին հասցնել ընդհանուր ﬕնչեւ 20 աշխատատեղ` 600-800 տոլար ﬕջին աշխատավարձով»,- «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` ըսաւ Մինասեան:

Նախարարը ընդգծեց, որ ընկերութիւնը կը ծրագրէ արտահանում իրականացել հետեւեալ հիմնական ուղղութիւններով` ՌԴ, ԱՄՆ, Գանատա, Մեծ Բրիտանիա, Սաուտեան Արաբիա` ծրագիրին ընթացքին արտահանման տարեկան ծաւալի աճը 400 հազ. տոլարէն հասցնելով մինչեւ 1,4 մլն տոլարի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին