Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

«Եւրոտեսիլ-2017»-ի Հայաստանեան Պատուիրակ Կը Դառնայ «Դէպի Եւրոտեսիլ» Նախագիծի Յաղթողը

Շուտով Հանրային հեռուստաընկերութիւնը եթեր կը հեռարձակէ նոր նախագիծ` երաժշտական հեռուստամրցոյթ, ուր կրնան մասնակցիլ 16 տարեկանէն բարձր, ազգութեամբ/արմատներով հայ, ձայնային լաւ տուեալներով եւ բեմական կեցուածքով կատարողներ` անկախ բնակութեան վայրէն եւ երաժշտական նախասիրութիւններէն:

«Դէպի Եւրոտեսիլ»` այսպէս կը կոչուի նոր նախագիծը, որ հնարաւորութիւն կու տայ յաղթողին իրականացնելու երազանքն ու մասնակցելու Եւրոպայի ամենահեղինկաւոր մրցոյթին` «Եւրոտեսիլին»:

Նախագիծի մասնակիցներուն պիտի ընտրեն եւ 3 ամիս շարունակ պիտի ուղղորդեն  «Եւրոտեսիլ»-ի հայաստանեան նախորդ տարիներու ներկայացուցիչները, որոնք անցած են եւրոտեսիլեան ճանապարհով եւ գիտեն այս հեղինակաւոր մրցոյթին յաջողութեան հասնելու բանաձեւերը: Հեռուստադիտողներն ալ հնարաւորութիւն կ’ունենան հետեւելու այս ողջ ընթացքին:

Մրցոյթի մասնակցութեան յայտերը կ’ընդունուին Յուլիս 6–էն Օգոստոս 25:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին