Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հանդէսը Նուիրուած Էր Հայաստանի Վերանկախութեան 25Ամեակին

Մարդակերտման եւ հայակերտման դարբնոց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը կը շարունակէ ազգային գիտակցութեամբ տոգորուած շրջանաւարտ հունձքեր նուիրել հայ համայնքին, հակառակ պատերազմի դժնդակ պայմաններուն։

Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2016-ին, յետ միջօրէի ժամը 4:30-ին Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ հունձքին ամավերջի հանդէսը։
Հանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի վերանկախութեան 25ամեակին։ Շրջանաւարտ սերունդը կոչուեցաւ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՍԵՐՈՒՆԴ՝ ի յարգանք ու յիշատակ սուրիահայ նահատակներուն։

Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի Հիւպատոսի կցորդը, Պատկան Մարմնի, Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, Ճեմարանի տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հրաւիրեալներ։

Օրուան հանդիսավարն էր Հուրինա Պէրպէրեան-Վերտանեան։

Հանդէսին շրջանաւարտներուն կողքին խօսք առին ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան եւ պետական տնօրէն Այիշա Քապալան։ Օրուան պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան։

Գեղարուեստական յայտագրէն եւ արտասանուած խօսքերէն ետք, 75 շրջանաւարտներ վկայուեցան, իսկ առաջնակարգ շրջանաւարտներն ու երկրորդական այլ կարգերու աշակերտները պարգեւատրուեցան։ Յատուկ պարգեւներու արժանացան հայ լեզուի եւ գրականութեան նիւթին մէջ բարձրագոյն նիշեր ապահոված շրջանաւարտները։

Ճեմարանի խնամակալութիւնը պարգեւատրեց նաեւ իրենց պաշտօնավարութեան շրջանը աւարտած Ճեմարանի քարտուղար Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեանն ու դաստիարակ Ճորճ Պապեանը։
Որպէս տարուայ տիպար ուսուցիչ պարգեւատրուեցաւ բնագիտութեան ուսուցիչ Ռաէտ Եազճի։

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին