Զրուցեց` ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հալէպի իրավիճակի եւ Հռոմի պապի Հայաստան կատարած այցի շուրջ է «Հայերն Այսօր»-ի հարցազրոյցը՝ Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի հետ:
– Վերապատուելի՛, ինչպիսի՞ իրավիճակ էայսօր Հալէպի մէջ:
– Անցած շաբաթ սուրիական օդուժը, ռուսական օդուժի օգնութեամբ` հարուածներ ուղղեց Հալէպի խաղաղ բնակչութեան թիրախ դարձուցած ահաբեկիչներուն ուղղութեամբ: Շատ ուժգին ռմբակոծութիւններ, օդային մարտեր տեղի ունեցան: Այնպիսի կրակէ ամպ գոյացած էր, այն տպաւորութիւնն էր, թէ Հալէպը կ’այրի: Ռմբակոծութիւններու թիրախը, բնականաբար, Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը չէր, սակայն յարձակողական հարուածները մեծ իրարանցում յառաջացուցին մարդոց մէջ:
Երէկ եւ այսօր Հալէպի մէջ իրավիճակը համեմատաբար խաղաղ է:
Այս անելանելի կացութեան մէջ անգամ` ժողովուրդը վճռակամութեամբ եւ մեր ` ազգային, մշակութային, եկեղեցական ու կրթական գործունէութիւնները ծաւալելու յանձնառութեամբ լի է:
Երէկ Հայ աւետարանական երկրոդական վարժարանի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ: Հանդիսութենէն ետք տեղի ունեցած ձեռնարկը մէկ անգամ եւս փաստեց, որ մեր ժողովուրդը կրթութեան, մշակոյթի ծարաւ է: Հայապահպանութեան գործօնը միակ երաշխիքն է մեր ժողովուրդին: Միաժամանակ ինքնապաշտպանութեան լաւագոյն օրինակը, որովհետեւ անկախ դժուարութիւններէն, մեր ժողովուրդը կարեւոր կը համարէ նաեւ գիտութեամբ, մշակոյթով զինուած ըլլալը: Երբ երիտասարդ տղաներն ու աղջիկները բեմի վրայ հայերէն կ’ասմունքէին, կ’երգէին, կը պարէին, մեծ յուզմունք կը յառաջանար ներկաներուն մօտ:
Այս է մեր դրուածքը, մեր ժողովուրդի նկարագիրը: Անգամ պատերազմական պայմաններուն մէջ ժողովուրդը ջանք կը թափէ կառչած մնալ իր աւանդոյթներուն, մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ:
– Վերջին օրերուն, երբ Սուրիոյ մէջ վերջացած են աւարտական քննութիւնները շա՞տ մարդ հեռացած է Հալէպէն:
– Այս թեման վերջին օրերուն լրատուամիջոցներուն մէջ շատ կը շահարկուի: Անկեղծ ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, որ այո՛, Հալէպի մէջ բնակչութեան մէկ մասը կը սպասէր պետական քննութիւններու աւարտին, որպէսզի Հալէպէն ժամանակաւոր դէպի առաւել ապահով վայր տեղափոխուի: 2-3 շաբաթներու ընթացքին անոնք հեռացան Հալէպէն դէպի Սուրիոյ առաւել ապահով շրջաններ, ինչպէս օրինակ` Քեսապ, Լաթաքիա եւ այլն: Սա ներքին տեղափոխութիւն է` ապահովական նկատառումներէ ելլելով: Թէեւ, եթէ պատերազմը ուժգնութեամբ շարունակուի, այս ընտանիքները դեռ երկար կը բացակային Հալէպէն:
– Վերապատուելի՛, օրերս Դուք Քեսապի մէջ էիք: Որ՞ն էր այցի պատճառը:
– Երկու տարի առաջ, երբ գրոհայինները ներխուժեցին Քեսապ, մեծ վնաս պատճառեցին, հրկիզեցին մեր բնակարանները, եկեղեցիները, ակումբները, վարժարանները: Երբ ամիսներ անց, Քեսապի ազատագրումէն ետք վերադարձան` հանգրուան առ հանգրուան սկսաւ քաղաքի վերակառուցման եւ վերանորոգման աշխատանքները ` տուն, դպրոց, եկեղեցի, ակումբ:
Քեսապի Հայ առաքելական եկեղեցին նորոգուեցաւ նոյն տարին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին շատ վնասներ չէր կրած, իսկ Աւետարանական եկեղեցւոյ Քեսապի մէջ գտնուող բոլոր 4 եկեղեցիները հրկիզուած էին ու քանդուած: Հերթով սկսանք եկեղեցիներու նորոգման աշխատանքները: Երկար ժամանակ մեզմէ պահանջուեցաւ եւ հիմա գրեթէ վերջին հանգրուանին հասած ենք: Գրեթէ երկու ամիսէն տեղի կ’ունենայ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վերաբացումը: Շուտով կը վերաբացուի նաեւ Քեսապի հրապարկին վրայ գտնուող Հայ աւետարանական միութեան մշակութային կեդրոնը: Ատիկա 1880 թուականին կառուցուած Հայ աւետարնական առաջին վարժարանն է, որ մշակութային կեդրոնի վերածուած է:
Միեւնոյն ժամանակ այցը նպատակ ունէր ժողովուրդին խրախուսել, քաջալերել, օժանդակութիւններ հասցնել: Քեսապի վերջին տեղահանութենէն ետք` բնակչութեան մօտ 60 տոկոսը վերադարձած է, 20-25 տոկոսը Լաթաքիոյ մէջ հաստատուած են, իսկ 10-15 տոկոսը հեռացած են Հայաստան կամ այլ ուղղութիւններով:
Քեսապը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի բոլորիս համար` որպէս Կիլիկեան Հայաստանէն ժառանգուած հարստութիւն: Մեր նախնիներէն ժառանգուած հողերուն վրայ շուրջ 1000 տարի կառչած իր արմատներուն` կ’ապրի մեր ժողովուրդը: Քեսապը մեր հարստութիւնն է: Մեր մշակութային, ազգային աւանդոյթները պահպանելու, մեր կեանքը այդ հողերուն վրայ շարունակելու համար` ամէն զոհողութեան պատրաստ ենք:
Այսօր Քեսապի ապահովական վիճակը, կենցաղը շատ աւելի լաւ է, քան օրինակ` Հալէպի մէջ: Այստեղ կայ ելեկտրականութիւն, ջուր: Ու եթէ Հալէպի մէջ իրավիճակը սրուի եւ մարդիկ ստիպուած ըլլան քաղաքէն հեռանալու` առաջին հանգրուանը, կը կարծեմ, Քեսապը կրնայ ըլլալ: Իսկ եթէ երկարի այս իրավիճակը Սուրիոյ մէջ, ապա ես միշտ յայտարարած եմ, որ ուղղութիւնը միայն Հայաստան պէտք է ըլլայ, եւ ոչ թէ ուրիշ երկիր:
– Վերապատուելի՛, Դուք նախորդ շաբաթ մասնակցեցաք նաեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի այցի ծիրէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ նշանակութիւն ունէր այցը՝ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հայ ժողովուրդին համար:
– «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսը ինքնին մեծ խանդավառութիւն յառաջացնող եւ ընդհանրական խորհուրդ ունէր մեր ժողովուրդին համար, ինչպէս դիւանագիտական, այնպէս ալ հայկական ներկայութիւնը փաստող՝ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Հայաստանէն դուրս:
Հռոմի պապի այցը մեծ խորհուրդ ունէր, որոնք ես կը ցանկայի ամփոփել երեք կէտերով:
Առաջին` Հռոմի պապը Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ մէկ տարի առաջ Իտալիոյ մէջ` մեր նահատակներու յիշատակը ոգեկոչող պատարագի ժամանակ, վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Պապի այս քայլը մեզի համար շատ դռներ կրնայ բանալ: Սա շատ լաւ առիթ է, որպէսզի Վատիկանի արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց ցեղասպանութեան վաւերագիրները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով շուրջ 100 տարի ուսումնասիրութենէ դուրս մնացած են, ուսումնասիրուին:
Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան երկրորդ կարեւոր խորհուրդը այն է, որ վերահաստատուեցաւ Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք պաշտօնականացուած էին եւ որոշ առումով` սառած:
Երրորդ խորհուրդը այն է, որ Հռոմի պապը մեզի փոխանցեց խոնարհութեան, խաղաղութեան, մարդոց ու Աստուծոյ ծառայելու իր վերաբերմունքն ու պատգամը: Անոր` իսկական եկեղեցականի աստուածահաճոյ յայտարարութիւնները ոչ միայն մեծ օրհնանք էին բոլորիս համար, այլեւ ան այդ օրհնութիւնը բաշխեց Հայաստանին եւ Սփիւռքին:
Կիւմրիի մէջ պատարագ մատուցելով, ան` որպէս կաթոլիկ համայնքի Քահանայապետ, վերարժեւորեց Հայ կաթոլիկ համայնքի գործունէութիւնը Հայաստանի, ի մասնաւորի` Կիւմրիի մէջ, ուր մեծ թիւով կաթոլիկ համայնք կայ:
Իսկ Հռոմի պապի այցը, առհասարակ, մեծ ապտակ էր այն պետութիւններուն, մասնաւորապէս՝ Թուրքիոյ, որոնք այսօր կը շարունակեն իրենց պատերազմական գործողութիւնները: Պապի յայտարարութիւնները անարձագանք չմնացին: Թուրքիոյ պատասխանը չուշացաւ, աւելին` ան իր յայտարարութիւններով փորձեց վարկաբեկել Հռոմի պապին:
Իրականութեան մէջ Հռոմի պապի խաղաղութեան պատգամը եւ աւետիսը, մեծ բնաբան ու խորհուրդ կը կրէր իր մէջ: Խաղաղութիւն, որուն կարիքը համայն մարդկութիւնը ունի:
Հայաստանէն Հռոմի պապը ի լուր աշխարհի յայտարարեց, որ հակամարտութիւններու լուծումը պատերազմը չէ: Պէտք է փորձել լեզու գտնել իրարու հետ, հաշտութիւն կնքել, որպէսզի խաղաղութիւն վերահաստատուի: Եկեղեցւոյ առաջնորդը շատ նուրբ դիւանագիտութեամբ կրցաւ քարոզել, որ պատերազմը լուծում չէ ազգերու համակեցութեան:
– Վերապատուելի՛, երեքօրեայ ձեռնարկներէն ո՞րն էր Ձեզի համարամենախորհրդանշականը:
– Նախ շնորհակալ եմ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին, որ հրաւիրեց զիս ներկայ գտնուելու Հռոմի պապի եռօրեայ այցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Հրաւէրը ես մեծ հաճոյքով ընդունեցի, իսկ Հայաստանի մէջ` օրհնուեցայ:
Ինծի համար մեծ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ստացաւ առաջին օրը, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան արարողութիւնը: Աւարտին ես հնարաւորութիւն ունեցայ ողջունելու եւ մօտ 1 վայրկեան զրուցելու Հռոմի պապին հետ: Ան շատ հետաքրքիր կերպով արտայայտուեցաւ Հալէպի մասին` ըսելով. «Հալէպը նահատակ ժողովուրդ է, եւ ես կ’աղօթեմ Հալէպի համար»: Այս խօսքերը մեծ կարեւորութիւն ունին ոչ միայն ինծի համար: Այս խօսքերը կը փաստեն, որ Հռոմի պապի աղօթքներուն եւ մտքերուն մէջ Հալէպը եւս տեղ ունի:
Սա պատգամ է նաեւ մեզի, որ իւրաքանչիւրս` որպէս խաղաղութեան աղաւնի, մեր հոգիով, մտքով, համբերութեամբ` շարունակենք խաղաղութեան դեսպան դառնալ Սուրիոյ համար, որպէսզի երկնային, մարդկային իրաւունքով եւ արժանապատուութեամբ կարենանք խաղաղութիւն հաստատել մեր զաւակներուն եւ գալիք սերունդներուն համար:
«Հայերն Այսօր»