*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերջին օրերու ահաբկչութիւնները պաճառ հանդիսացան աններելի ընդհանրացումներու՝ մեղադրելով մէն մի սուրիացի գաղթական, որ կը գտնուի Լիբանանի հողերուն վրայ, որպէս հաւանական ահաբեկիչ: Իրականութիւնը այն է սակայն, որ անոնց մեծամասնութիւնը անշուշտ ոչ միայն անմեղ է, այլ զոհ՝ նոյնինքն այդ ահաբեկչութեան…։
Այս իրականութեամբ հանդերձ եւ ամէն մակարդակի վրայ, Լիբանանի մէջ տակաւին շարունակուեցան ցեղապաշտական եւ այլամերժական յայտարարութիւններ հնչել: Այս երեւոյթին առաջքը առնելու համար կարգ մը կողմեր ազնուութիւնը ունեցան առաջարկելու՝ հանրագիր մը ստորագրել, դէմ դնելու այս տգեղ երեւոյթին:
Իմ կարծիքով հարցը հանրագիրէ անդին ալ պէտք է տանիլ: Որովհետեւ մեզի պէտք եղածը այսօր ոչ թէ ցեղապաշտութեան, կենդանիներու սպանութեան, ծառերու կտրատումին կամ ծովերու ապականումին դէմ ստորագրուելիք հանրագիրերն են՝ այլ դաստիարակչական, պիտանի եւ երկարակեաց ռազմավարութիւն մը որդեգրելն է:
Մեզի պէտք եղածը այնպիսի ուսուցչուհիներ եւ ուսուցիչներ են, որոնք իրենց դասանիւթին խորքը կը դասաւանդեն եւ ոչ թէ զբաղած են նիշեր գումարելով կամ նիշերու տետրակով…:
Մեզի պէտք եղածը խոհեմ ծնողներն են, որոնք լաւ կը կշռեն, թէ ի՛նչ կը խօսին իրենց զաւակներուն առջեւ կամ հեռատեսիլէն ի՛նչ տեսակի ծրագիրներ միասին կը դիտեն…:
Մեզի պէտք եղածը նոր սերունդը դաստիարակելն է՝ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով, նաեւ անոնց կենսոլորտը եւ կենդանիները յարգելու անհրաժեշտութիւնը սորվեցնելն է:
Մեզի պէտք եղածը քիչ մը գիտակցութիւն եւ ընթերցասիրութիւնն է: Քիչ մը հանդուրժողականութիւնն է եւ շա՜տ ՍԷՐը: Իրական սէր եւ ոչ ընկերային համացանցի երեւութական (virtual) կամ ցուցադրական սէրը…:
Որքան սէրը պակսի այնքան կը շատնան չարիքները՝ ատելութիւնը, վայրագութիւնը, սպանութիւնը եւ փտածութիւնը…:
Այն ինչ, որ մեզի կը պակսի այսօր, այս երկրին եւ աշխարհին մէջ՝ ՍԷՐն է, փոխադարձ չակնկալող Յորդառատ ՍԷՐը: