Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2016-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան մէջ տեղի ունեցաւ վարսայարդարման եւ գեղագիտական աշխատանոցի բացումը, շնորհիւ Զաւէն եւ Միշէլ Սիւլահեան եղբայրներու բարերարութեան: Պատուհանները գունագեղ վարագոյրներով զարդարուեցան, երկու բաժիններուն նստասենեակները կահաւորուեցան եւ հեռատեսիլներ զետեղուեցան:
Տարեցները առիթ պիտի ունենան շաբաթը երկու անգամ ձրիաբար իրենց մազերը յարդարելու, ինչպէս նաեւ իրենց եղունգները մաքրելու եւ գեղեցկացնելու:
Բացման ներկայ գտնուեցան ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տան տնօրէն Պատուելի Սեպուհ Թէրզեան, խնամակալութեան ատենապետ Վերապատուելի Ռաֆֆի Մսըրլեան, ՔԱՀԼ-ի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբը, տարեցներէն խումբ մը, ՔԱՀԼ-ի անձնակազմը եւ պաշտօնական հիւրեր:
Իր խօսքին մէջ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Պատուելի Սեպուհ Թէրզեան նշեց, թէ ծրագիրի մտայղացումը կը պատկանի Զաւէն Սիւլահեանին, որ համապատասխան է ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան ընդհանուր ուղեգիծին (տարեցները առողջ եւ ուրախ պահելու կողքին, անոնց ներաշխարհը միշտ վառ պահել):
Իսկ բարերար Զաւէն Սիւլահեան իր գոհունակութիւնը արտայայտելով ըսաւ, թէ մարդ երիտասարդ օրերուն պէտք է կեանքի պայքարը մղէ եւ ապա վայելէ տարիներու աշխատանքին հունձքը, միաժամանակ օգնելով տարեցին:
Վարձքը կատար Սիւլահեան բարերարներուն, ՔԱՀԼ-ի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հոգածութեան համար: