Ուրբաթ, 18. 07. 2025

spot_img

Շթայնմայըրը Ծիծեռնակաբերդի ՄԷջ Ծաղիկներ Տեղադրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Հարաւային Կովկաս այցերու ծիրէն ներս Երեւանի մէջ գտնուող Գերմանիոյ ԱԳ նախարար Ֆրանք-Վալթըր Շթայնմայըրը երէկ առաւօտ կանուխ Ծիծեռնակաբերդ այցելեց, ուր անոր  անունով ծաղկեպսակ դրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշակոթողին, ապա գերմանացի դիւանագէտը անձամբ սպիտակ մեխակներ խոնարհեց անմար կրակին մօտ:

Գերմանիոյ ԱԳ նախարարին Ծիծեռնակաբերդի մէջ կ’ուղեկցէր անոր հայ պաշտօնակից Էտուարտ Նալպանտեանը:

Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըր այսօր հայաստանեան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ներկայ գերմանական լրատուամիջոցներուն համար որեւէ յայտարարութիւն չըրաւ:

Յիշեցնենք, որ ան Երեւանի մէջ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿի համար պարզ  դարձած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ներկայ կարգավիճակը տեւականօրէն այս կերպով հնարաւոր չըլլալ պահպանել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին