Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է արդէն բանակցային սեղանին շուրջ նստի` իբրեւ անկախ պետութիւն եւ ներկայացնէ իր շահերը: Այս մասին «Արցախփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվընս, որ այս օրերուն կը գտնուի Արցախ:
«Ես ուղղակիօրէն չեմ մասնակցիր բանակցային գործընթացին, սակայն ուշադիր կը հետեւիմ: Մեծ յարգանք ունիմ պարոն Ուորլիքի նկատմամբ: Միշտ կը հետեւիմ բանակցութիւններուն, որոնք կը վարեն իմ գործընկերներս` որոնց մէջ նաեւ ՌԴ արտաքին գործոց նախարար պարոն Լաւրով, որ միշտ կը շեշտէ, որ հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Անձամբ ես այն կարծիքին եմ, որ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է արդէն բանակցային սեղանին շուրջ նստի` իբրեւ անկախ պետութիւն եւ ներկայացնէ իր շահերը: 1994 թուականին ստորագրուած զինադադարի համաձայնագրի տակ Արցախը, իբրեւ բանակցութիւններու լիարժէք կողմ, նոյնպէս դրած է իր ստորագրութիւնը: Կը կարծեմ` ճիշդ ժամանակն է, որ Արցախը նոյն ձեւաչափով կրկին միանայ բանակցային գործընթացին եւ ունենայ մասնակցութեան իր բաժինը: Միայն այդ պարագային կ’ապահովուին յառաջընթացի պայմաններ»,- ըսած է Ճոն Էվընս:
Յիշեցնենք, որ Ճոն Էվընս Արցախ կը գտնուի Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի պատուիրակութեան աշխատանքային այցի ծիրէն ներս: