Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

*ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ*

Մինչ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր՝ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիս Պապի դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր պատմական «ուխտագնացութեան» առիթով, մարդոց մեծ մասը տեղեակ չէր Վատիկանի քուլիսներու ետին մինչեւ անոր այցելութիւնը ծաւալած քննարկումներուն մասին, կապուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:

Հռոմի Պապի երկակի դերը՝ իբրեւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետ եւ Վատիկանի պետութեան ղեկավար, երբեմն խնդիրներ կը ստեղծէ Սուրբ Աթոռի պատերէն ներս եւ անոր սահմաններէն դուրս, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ, Հռոմի Պապի Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ:

Երկարատեւ նախապատրաստութիւններէ եւ ներքին քննարկումներէ ետք, Հռոմի Պապը 24 Յունիսին ժամանեց Հայաստան՝ պատրաստ հանդէս գալու շարք մը քարոզներով  եւ ելոյթներով, իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին: Զարմանալի էր, որ անոր պատրաստած ելոյթներէն ոչ մէկը կը բովանդակէր «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը, սակայն կային բազմաթիւ վկայակոչումներ՝ «ողբերգութեան, կոտորածի, սարսափելի փորձութեան եւ անսահման տառապանքի» վերաբերեալ: Անոր քարոզներուն մէջ բազմիցս գործածուած է «Մեծ Եղեռն»  հայերէն եզրոյթը, որ «մեծ ոճիրի» փոխարէն Վատիկանի կողմէ սխալմամբ թարգմանուած է իբրեւ «մեծ չարիք»: Եզրաբանութեան մէջ փոփոխութեան առաջին նշումը յայտնի դարձաւ մինչ Հռոմի Պապի հովուական այցելութիւնը հայ ժողովուրդին յղուած տեսաուղերձի մէջ, ուր չէր յիշատակուեր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յետագային, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր կատարած այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը հիւրերու գիրքին մէջ եւս չգրեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը՝ արտագրելով նախապատրաստուած բնագիրը…:

Կրնայ երկու պատճառ ըլլալ, թէ ինչու կը խուսափէին գործածել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերը.

1) Քանի որ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը անցեալ տարուան Ապրիլին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցած պատարագի ժամանակ արդէն հաստատուեր էր Հռոմի Ֆրանսիս Պապի կողմէ, ապա Վատիկանի պաշտօնեաները որոշեր էին հանդէս գալ «խաղաղութեան եւ հաշտեցման» նոր ուղերձով մը:

2) Քահանայապետի արտաքին քաղաքականութեան խորհրդականները կրնայ ըլլալ որ դժկամօրէն վերաբերած էին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը մէկ անգամ եւս բարձրացնելուն՝ թրքական կառավարութեան անցեալ տարուան կտրուկ արձագանգէն եւ Վատիկանէն թուրք դեսպանը 10 ամիսով յետս կոչուելէ ետք:

Սակայն, Հռոմի Ֆրանսիս Պապը զարմացուց բոլորը, երբ Երեւանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, 24 Յունիսին արտասանած իր ելոյթին ընթացքին շեղեցաւ  նախապատրաստուած եւ լրատուական միջոցներուն արդէն բաժնուած բնագրէն՝ աւելցնելով «ցեղասպանութիւն» բառը: Ահա թէ ինչ ըսաւ Հռոմի Պապը՝ յիշելով իր աւելի վաղ, 2015 թուականի Ապրիլի 12-ի քարոզը. «Այդ առիթով յիշատակուեցաւ 100-րդ տարելիցը Մեծ Եղեռնի, «Մեծ Չարիքը», որ հարուածեց ձեր ժողովուրդը եւ անթիւ անհամար զոհերու պատճառ դարձաւ։  Ցաւօք, այդ ողբերգութիւնը, այդ ցեղասպանութիւնը,  գլխաւորեց տխուր ցուցակը անցեալ դարու անմարդկային աղէտներուն, որոնք իրականացան ցեղապաշտական, գաղափարախօսական եւ կրօնական մոլորեցնող շարժառիթներով, որոնք եւ մթագնեցին միտքը մարդասպաններու, որոնք նպատակադրեցին ոչնչացնել մինչեւ իսկ ամբողջ ժողովուրդներ»:

Նոյն օրը, աւելի ուշ, Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմփարտի բացատրեց, թէ ինչու Հռոմի Ֆրանսիս Պապը շեղած է իր պատրաստած բնագրէն. «Պապը կ’ըսէ այն, ինչ յարմար կը գտնէ, եւ ոչ ոք կ’որոշէ, թէ Քահանայապետը ի՛նչ պէտք է ըսէ: Հռոմի Պապը Հայաստան այցելութեան ընթացքին «ցեղասպանութիւն» բառը չօգտագործելու որեւէ պատճառ չունէր: Իրականութիւնը յստակ է, եւ մենք երբեք զայն չենք ժխտեր»:

Ելոյթի մը մէջ Պապի օգտագործած այդ միակ բառը չվրիպեցաւ թրքական իշխանութիւններու ուշադրութենէն: Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Նուրեթտին Չանըքլի իր արձագանգին մէջ մեղադրեց Պապը՝ «խաչակրաց մտածելակերպ» ցուցաբերելուն մէջ: Չանըքլի դարձեալ կրկնեց թրքական սովորական կեղծիքները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Հռոմի Պապի մամուլի քարտուղար Լոմփարտի մերժեց փոխ վարչապետին քննադատութիւնը՝ նշելով, որ «Հռոմի Պապը խաչակրաց արշաւանքի չէ ելած: Ան ոչ մէկ բառ ըսած է թուրք ժողովուրդին դէմ»:

Հրաժարելով խոնարհիլ թրքական ճնշման տակ, Հռոմի Ֆրանսիս Պապը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ 26 Յունիս 2016-ին ստորագրեց «Համատեղ հռչակագիր», որ կը վկայակոչէր Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի կանուխ ճանաչումը. Ֆրանսիս Պապի 12 Ապրիլ 2015-ի հանդիսաւոր պատարագը եւ 27 Սեպտեմբեր 2001-ին Գարեգին Բ.-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի միջեւ ստորագրուած  «Համատեղ յայտարարութիւնը»: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւս մէկ «համատեղ պաշտօնական հաղորդագրութիւն» ստորագրուած է 29 Նոյեմբեր 2000-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի եւ Գարեգին Բ.-ի կողմէ:

Յունիս 26-ին Հռոմ վերադարձի ճանապարհին, «Ֆրանս փրես» լրատուական գործակալութեան լրագրողը հարցուց Հռոմի Պապին, թէ ինչո՞ւ ան Երեւանի մէջ որոշեց իր ելոյթին աւելցնել «ցեղասպանութիւն» բառը: Պապը մանրամասն բացատրեց, որ «ցեղասպանութիւն»ը միակ բառն է, որուն ազդեցութեան տակ ան հասակ նետած է՝ հայերու զանգուածային սպանութիւնները նկարագրելու պարագային: Պապը նշեց նաեւ դէպի Ազրպէյճան եւ Վրաստան կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութիւններուն մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 30-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 2:

Հռոմի Ֆրանսիս Պապը դէպի Հայաստան իր «ուխտագնացութեան» մօտեցաւ առաւելագոյն ազնուութեամբ եւ իր սրտի խօսքը ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին՝ անտեսելով իր խորհրդականներու եւ ճառ գրողներու քաղաքական հաշուարկները: Ան նախընտրեց ինքզինք դրսեւորել իբրեւ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառայ, այլ ոչ թէ խորամանկ քաղաքական գործիչ…:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին