Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծի տարբեր հատուածներուն վրայ հակառակորդը պարբերաբար հրաձգային զինատեսակներէ սկսած է խախտել հրադադարը` թիրախ ընտրելով սահմանին մերձակայ գիւղատնտեսական նշանակութեան տարածքներուն մէջ աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիները: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Մասնաւորապէս, այսօր` ժամը 14:10-ի սահմաններուն, նման միջադէպ արձանագրուած է Թալիշ գիւղի մերձակայ տարածքին մէջ հացահատիկային մշակաբոյսերու բերքահաւաքի ժամանակ, որուն արդիւնքով, բարեբախտաբար, տուժածներ չեն եղած:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ’ընէ ազրպէյճանական կողմին հրաժարիլ իր սադրիչ գործողութիւններէն եւ չթիրախաւորել գիւղատնտեսական աշխատանքներուն մէջ ընդգրկուած խաղաղ բնակչութիւնը, այլապէս ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: