«ԹէքէեանԿեդրոն» հիմնադրամի եւ Թէքէեան Թրասթի նախաձեռնութեամբ, Լոնտոնի հայ համայնքի մէջ դրամահաւաք մը կազմակերպուեցաւ, Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած հայ զինուորներուն օժանդակելու համար:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան առաջարկութեամբ՝ հանգանակուած 2,1 մլն դրամը յատկացուեցաւ Գեղարքունիք գաւառի 13 վիրաւոր զինծառայողներու՝ Նորայր Զախարեան (Գաւառ ք.), Աշոտ Գասպարեան (Կարմիր գիւղ), Գէորգ Պաղտասարեան ( Լճափ գիւղ), Անդրանիկ Աթալեան ( Շատջրեկ գիւղ), Արմէն Սիմոնեան (Վարդենիս ք.), Ռուբէն Գէորգեան (Փոքր Մասրիկ գիւղ), Աւետիս Զարգարեան (գիւղ Սոտքգիւղ ), Հայկ Մինասեան (Վարդենիս ք.), Համբարձում Վարդանով ( Այգուտ գիւղ), Գուրգէն Առուստամեան ( Ճամբարակ ք.), Դաւիթ Ազիզեան (Վարսեր գիւղ), Վահան Սարգսեան (Զոլաքար գիւղ), Հրայր Պաղտասարեան (Լիճք գիւղ):
Գեղարքունիքի մարզպետարանի մէջ կայացած հանդիպման, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար՝ Ֆիրտուս Զաքարեանը, «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն՝ Արմէն Ծուլիկեանը, վիրաւոր զինծառայողները եւ ծնողները, բացուեցաւ մարզպետի ուղղած ողջոյնի եւ հերոս-զինուորներու մեծարման խօսքով՝ «Ռազմադաշտի վրայ մեր տղաները փառաւոր սխրանքներ գործած են. իսկ ապրիլեան իրադարձութիւնները համախմբած են մեր ազգը մէկ նպատակի շուրջ, եւ այսուհետեւ այդ համախմբումը պէտք է ամրապնդուի»: Ան հաւաստիացուց, որ մարզպետարանը, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ, կը շարունակէ օգնել զոհուած եւ վիրաւոր զինծառայողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Մարզպետը խոստացաւ նաեւ օգնել զինուորներու աշխատանքի տեղաւորման եւ այլ հարցերը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար՝ Ֆիրտուս Զաքարեանը երախտապարտ ըլլալով զինծառայողներուն,Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքացիներու կեանքը եւ առհասարակ Հայրենիքը փրկելու համար, նշեց, որապրիլեան դէպքերէն անմիջապէս ետք, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը կոչ ըրած է սփիւռքի կազմակերպութիւններուն, որպէսզի նիւթական օժանդակութիւն յատկացնեն վնասուած զինծառայողներուն:
Այդ կոչին անտարբեր մնացած չէր «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը, որու տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը հանդիպումին եկած էր հանգանակուած գումարով: Դրամական օգնութիւնը յանձնելով Գեղարքունիք գաւառի 13 վիրաւոր զինծառայողներուն, տնօրէնը ըսաւ՝ «Ապրիլեան քառօրեայ հերոսամարտերը ալեկոծեցին համայն հայութիւնը. մեր տղաներու հերոսական ջանքերու շնորհիւ, մենք այժմ բաց ճակատով կը նայինք աշխարհին եւ կը հաւատանք մեր վաղուայ անվտանգ օրուան: Այս մեր առաջին դրամական աջակցութիւնն է Գեղարքունիք գաւառին, սակայն աշխատանքներ կը տանինք, որ այն ըլլայ շարունակական»:
Հանդիպման աւարտին զինծառայողներն ու ծնողները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր սրտացաւ անձանց, բարերարներուն աջակցութեան եւ հոգատարութեան համար: