Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Ահաբեկչական Ցուցադրութի՞ւն Թէ Ահազանգ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Քաա գիւղի մէջ պատահած մեծաքանակ անձնասպանական գործողութիւններու եւ ահաբեկչութեան առընչութեամբ, վերջին օրերու լայնածիր սպառնալիքները՝ ըլլան անոնք իրաւ թէ շինծու (սարսափ պատճառելու համար ժողովուրդին), բոլորն ալ անտարակոյս կը յուշեն, որ Լիբանան մտած է նոր եւ շատ փափուկ հանգրուան մը:

Մտահոգութիւնս այն է, որ յառաջիկայ օրերուն ահաբեկչական ցուցադրական կամ լուրջ գործողութիւնները շարունակուին եւ գունաւորուին՝ պատահելով տարբեր համայնքներով բնակուած շրջաններու մէջ:

Այս մէկը անշուշտ կը վերաբերի ծայրայեղականներու ճշդած գործելաձեւին, սակայն ան առանձին յաջողութիւններու չի հասնիր:

Կա՛յ ու կը մնայ հիմնական հարցում մը, թէ արդեօք կա՞յ միջազգային որոշում մը՝ սուրիական հարցը Լիբանան փոխադրելու: Եթէ չկայ, ապա նման ահաբեկչական գործողութիւնները պիտի մնան ցուցադրական ձեւի մէջ, ցաւալիօրէն սակայն խլելով անմեղ զոհեր: Իսկ եթէ կայ նման որոշում, այդ պարագային Լիբանան կը գտնուի իր արդի պատմութեան ամենավտանգաւոր հանգրուանի սեմին, որ կրնայ հիմնայատակ կործանել զայն՝ նկատի ունենալով ներքին անհամախոհ եւ անգլուխ իրավիճակը:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին