Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն տարի մը առաջ գործելու սկսած եւ համացանցային իր կայքին միջոցաւ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնելու նպատակով հաստատուած՝ «100 Տարի, 100 Փաստ» նախաձեռնութիւնը հրապարակած է այդ աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող հատոր մը՝ «Վաղեմի Ազգի Մը Ազդեցութիւնը» («Impact of Ancient Nation»), որուն մէջ լուսարձակի տակ կ’առնուին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի տարբեր երեսները, կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։
Հայութեան անցեալը, ներկան եւ ապագան իրար կամրջող եւ աւելի քան 100 նիւթերու մասին պատմող հատորին հեղինակներն են՝ Լենա Մարանեան եւ Նարեկ Սեֆերեան։
Հատորը կարելի եղած է հրատարակել Լոս Անճելըսի «Տիգրանեան» եւ Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկներու նիւթական աջակցութեամբ։
Հատորէն օրինակ մը ապսպրելու համար, այցելել՝ 100years100facts.com կայքը։