Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Նախագահը Մասնակցած Է Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբի 90-Ամեակին Նուիրուած Յոբելենական Երեկոյին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ մասնակցած են՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 90-ամեակին նուիրուած յոբելենական երեկոյին:

Հանրապետութեան Նախագահի հրամանագիրներով` երաժշտարուեստի բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 90-ամեակի կապակցութեամբ՝ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար էտուարտ Թօփչեան, պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով, իսկ նուագախումբի տուբահար Վաղարշակ Պեպանեանին եւ շեփորահարներու խումբի նուագակցող Շահէն Գէորգեանին շնորհուած է՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի պատուաւոր կոչում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին