Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Յուլիս 5-ին Իսրայէլի Քնեսէթին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Բաց Քննարկում Պիտի Ըլլայ

5 Յուլիսին Հայոց Ցեղասպանութեան բաց քննարկում տեղի պիտի ունենայ Իսրայէլի Քնեսէթին մէջ: Այդ մասին յայտնած է յայտնի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Եաիր Աուրոնը «Զօրեան հիմնարկ»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, կը հաղորդէ  panarmenian.net-ը: Ըստ անոր Իսրայէլը նախապէս ձեռնպահ կը մնար Հայոց Ցեղասպանութեան հանրային քննրակումներէն եւ ազատ քուէարկութենէն` չցանկալով վանել թրքական կառավարութիւնը, որուն ԱՄՆ-ի առանցքային դաշնակիցը կը համարէր:

5 Յուլիսի քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Պունտեսթակի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումէն մօտ մէկ ամիս անց:

«Քննելով վերջերս Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւը` կարելի է քանի մը կարեւոր երեւոյթներ առանձնացնել: Ժամանակակից Թուրքիան մեղաւոր չէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, սակայն Օսմանեան կայսրութեան բոլոր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն օրինական իրաւայաջորդն է:

Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն Թուրքիոյ իւրաքանչիւր յաջորդ ղեկավար ամէն ինչ կ’ընէ՝ փաստերը խճճելու եւ ժխտելու համար: Բացի այդ Թուրքիան օգտագործելով իր զգալի աշխարհաքաղաքական, ռազմական ու տնտեսական լծակները` կ’ազդէ այլ երկիրներու վրայ, կը ստիպէ պարտադրել անոնց միանալու ժխտողական քաղաքականութեան», ըսած է Աուրոն:

«Ժամանակն է, որ Իսրայէլը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամէն տարի այս ժամանակ Քնեսէթը քննարկումներ կ’իրականացնէ այդ հարցի շուրջ: Կան կարող ձայներ, սակայն կառավարութիւնը թոյլ չի տար սկսիլ քուէարկութեան: Թող այս տարի տարբեր ըլլայ: Թող Քնեսէթի մէջ ազատ քուէարկութիւն կայանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կամ ժխտելու վերաբերեալ», ըսած է գիտնականը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին