28 Յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամներուն հետ` յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի գրասենեակէն։
Նախարար Նալպանտեան խորհրդարանի պատգամաւորներուն ներկայացուցած է՝ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերը` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու վերսկսման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման նպատակով: