Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հիւանդի Անհրաժեշտ Դեղեր, Շրթունքի Ներկ Ընտրողներ Եւ Ծոմ Բռնող Հաւատացեալներ…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Նկարին մէջ երեւցող Պէյրութի Մազրաա շրջանի դեղարանէն երէկ գնում ըրած պահուս, 60 ամեայ տիկին մը ներս մտաւ: Կառք մը կը քշէր, որուն վրայ նստած էր իր հաշմանդամ զաւակը: Հագուստները մաշած էին ու տեսքով չափազանց չքաւոր կը թուար…:

Դեղագիր մը ունէր ձեռքը եւ անոր վրայ նշուած դեղերը կ’ուզէր գնել իր զաւկին համար, որ ըստ երեւոյթին խօսելու ալ կարողութիւն չունէր եւ միայն մօրը կը դիտէր…:

Դեղերուն գինը 118,000 լ.ո. ելաւ: Խեղճ կինը փտած պայուսակը բացաւ ու հոնկէ մանր դրամներ հանելով  հաշուեց 50,000 լ.ո. , որ ամբողջ ունեցածն էր: Գանձարկղին վրայ նստող պաշտօնեայ օրիորդին ազնուութեամբ ըսաւ, որ ունեցած գումարը բաւարար չէ եւ շատ շնորհակալ կ’ըլլայ եթէ զեղջ ստանայ, որպէսզի կարենայ դեղերը ունենալ, որոնց շատ պէտք ունի իր զաւակը:  Պատասխանատու օրիորդը յայտնեց, որ չի կրնար օգտակար ըլլալ: Խեղճ կինը տեղւոյն պաշտօնեաներէն խնդրեց դեղագործը կամ տնօրէնը տեսնել: Ոչ մէկը կարեւորութիւն տուաւ, մինչ ներսը գտնուող յաճախորդները իրենք իրենց անձով զբաղած էին այնքան մը, որ նոյնիսկ ոչ մէկը այդ խեղճ կինը նշմարեց: Ոչ մէկը մօտեցաւ անոր։ Անոնցմէ ոմանք զբաղած էին՝ շրթունքի ներկ, իսկ ուրիշներ անուշահոտ գնելով: Ծամոն եւ ռեժիմի շոքոլա ընտրողներ՝ իրենց գնելիքներու ծրարներուն վրայ նշուած քալորիները կը հաշուէին: Աստուածավախներ ալ կային, որոնք Ռամատանի ծոմի ընթացքին դեղ առնելը հալալ է, թէ՞ հարամ ըսելով իրարու հարցեր կու տային:

Պաշտօնեաներէն մին առաջարկեց խեղճ կնոջ դեղերը ընտրովի գնել՝ այսինքն այնքան մը դեղեր, որոնք կը համապատասխանեն ունեցած 50,000 լ.ո. -ին, մնացեալը ձգելով այլ օրուայ մը՝ երբ դրամ կ’ունենայ: Խեղճ կինը սկսաւ ընտրել այն դեղերը, որոնց ըստ երեւոյթին իր զաւակը, որ անզօր իրեն կը նայէր, անմիջապէս պէտք ունէր՝ մնացեալը թողելով այլ առիթի մը։

Համբերութիւնս հատած էր արդէն: Անմիջապէս միջամտեցի մարդկային պարտականութիւնս ընելով։ Կինը օրհնութիւններ տալով մեկնեցաւ զաւակին կառքը քշելով:

Աստուածավախներն ու շրթունքի ներկ ընտրողները անհոգ շարունակեցին իրենց գնումները…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին