Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 29 Յունիսին հանդիպած է Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի նախագահ Կարօ Արմէնի եւ նոյն կազմակերպութեան տնօրէններու խորհուրդի խորհրդական, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզի հետ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի գործունէութիւնը կը նպաստէ երախաներու հայեցի դաստիարակման, ինչպէս նաեւ գիւղական բնակավայրերու զարգացման` աւելցնելով, որ Արցախը շահագրգռուած է ընդլայնելու համագործակցութիւնը այդ կառոյցին հետ: