Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մանուկ Արուեստագէտներ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տէմիրճեան Կեդրոնի Մէջ

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Ուրբաթ 24 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տէմիրճեան Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի եզակի ցուցահանդէս մը: Եզակի, որովհետեւ մասնակցող արուեստագէտները մանուկներ էին: Հայ եւ լիբանանցի պարմանուհիներ եւ պատանիներ, հաւաքուած Լիբանանի տարբեր դպրոցներէն, ներկայացուցին իրենց մատղաշ ձեռքերով պատրաստուած արձանիկներու եւ գծագրութիւններու իւրայատուկ ցուցահանդէս մը:

4

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ամառնային ճամբարի մանուկներու  ձեռային գործերէն քաջալերուած, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Անիթա Լիպիար, գործակցելով ամառնային ճամբարի պատասխանատու՝ օրիորդ Անի Մանուկեանի հետ, կազմեցին  մանուկներու յատուկ արուեստի աշխատանոց մը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տէմիրճեան Կեդրոնին մէջ, ուր մանուկներ հաւաքելով, սկսան անոնց ուսուցանել եւ միասնաբար ստեղծել արուեստի տարբեր գործեր: Այս աշխատանքի նպատակն էր մանկական տաղանդներ յայտնաբերել, քաջալերել զանոնք եւ առիթ ստեղծել զայն հանրութեան ներկայացնելու: Օրիորդ Անի Մանուկեանի  6 ամիսներ փոքրերուն հետ աշխատելէ ետք, մէջտեղ եկաւ բաւարար արուեստի գործեր, որոնց մէկ մասը ներկայացուեցաւ ցուցահանդէսին:

5

Ցուցահանդէսի մասնակցած էին տարբեր դպրոցներէ եկած 23 մանուկներ, պարմանուհիներ եւ պատանիներ: Մեծ ու փոքր արձանագործեր տեղաւորուած էին սեղաններու վրայ, ինչպէս նաեւ գծագրուած պատկերներ կախուած էին պատերէն: Ցուցահանդէսի բացումէն առաջ ծնողներն ու հիւրերը սկսան հաւաքուիլ սրահէն ներս, որ կը գտնուէր Տէմիրճեան Կեդրոնի առաջին յարկին վրայ: Զգացական պահ էր, երբ ծնողներն իսկ զարմացած իրենց զաւակներու ստեղծագործութենէն, ապշած կը դիտէին ցուցադրուած արուեստի գործերը:

3

Անգլերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեց Հ.Բ.Ը.Մ. Լիբանանի Վարիչ Տնօրէնուհի  Տիկ. Անիթա Լիպեար: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, իրենց զաւակները արուեստի նման աշխատանոց մը ուղարկելնուն համար: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց օրիորդ Անի Մանուկեանին, անոր անխոնջ եւ համբերատար աշխատանքին համար:

« «Art Studio»ն,  որ կը  պատրաստէ վաղուան արուեստագէտները, ծնունդ առած է մանկավարժական մեր տարիներու փորձառութենէն:

«Art Studio»-ի գաղափարը բիւրեղացած է Հ.Բ.Ը.Մ. Տէմիրճեան Կեդրոնի Ամառնային ճամբարին ընթացքին, ուր նկատեցինք երեխաներուն սէրը կաւագործութիւնը ձեռային աշխատանքի հանդէպ»:

«Art Studio» –ն կը զարգացնէ երեխաներուն ստեղծագործական եւ գեղարուեստական​​ զգայունութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնակիցի երեւակայութիւնը», – ըսաւ Տիկ. Անիթան:

Ապա ֆրանսերէն լեզուով խօսք առաւ օրիորդ Անի Մանուկեանը, որ նշեց Տէմիրճեան Կեդրոնի ամառնային դպրոցի իր երկու տարուայ փորձառութիւնը,  որու պտուղն էր սոյն ցուցահանդէսը: « Մանուկներս՝ 4 – 14 տարեկան, կու գան զանազան ենթահողերէ եւ դպրոցներէ: Անոնք ձեռք ձգած են տարբեր արուեստակերպեր՝ պատկերներ գծել եւ արձանիկներ շինել ու ներկել, խճանկարչութիւն եւայլն: Տեսնելով իրենց գործերը, անոնք շատ հպարտ են իրենց անձերով, նոյնպէս եւ ես: Ցուցահանդէսը  յաջող կը նկատեմ, որով մանուկներն ալ շատ ուրախ են»,- ըսաւ օրիորդ Անի Մանուկեանը:

Ապա տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որ կը բացայայտէր մանուկներու աշխատելաձեւը եւ ուրախութիւնը: Երիզին մէջ նաեւ իւրաքանչիւր մանուկ իր տաղանդը յայտնաբերելէ ետք, կը յայտնէր զայն յետագային զարգացնելու իր փափաքը :

Վերջաւորութեան, Տիկ. Անիթա Լիպիար եւ Տիկ. Սեդա Տէմիրճեան փոքրիկ արուեստագէտներուն գնահատանքի վկայագրեր յանձնեցին, որմէ ետք հաւաքական նկար մը առնուեցաւ եւ կարկանդակի հատում կատարուեցաւ:Ապա ներկաները վայելեցին պատրաստուած հիւրասիրութիւնը եւ առիթ ունեցան շրջելով դիտելու ցուցադրուած արուեստի գործերը:

1

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին