Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Աւելի Տպաւորուած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Կոչով Հայրենիք Եկած Պատանիներով

ՈՒԼԻԵԹԱ  ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ*

Երեք աննկատ ակնթարթներու նման թռան երեք յագեցած օրերը, զորս Հռոմի Պապը անուանեց ուխտագնացութիւն դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր: Օրեր, որոնք դրոշմուեցան ժամանակակիցներու մտքին ու սրտին մէջ, եւ որոնց մասին դեռ երկար պիտի խօսի աշխարհն ու մամուլը, քանի որ Սրբազան Քահանայապետին այցը ինչպէս պատմական էր իր տեսակի մէջ, այնպէս ալ բազմաթիւ հարցադրումներ ու հետեւութիւններ յառաջացնող էր: Թուրքիան արդէն իսկ առաջին արձագանգները երեւան կը բերէ` դժգոհութիւն յայտնելով Պապին կողմէ Ցեղասպանութիւն եզրի գործածման առիթով:

Որոնք էին Հռոմի Պապին Հայաստան եռօրեայ այցի գլխաւոր հանգրուանները, ինչ յիշարժան դրուագներ եղան այս օրերու ընթացքին եւ ի վերջոյ՝ ինչը ամէնէն շատ զարմացուցած ու հմայած է Ֆրանչիսկոս Պապը:

Եւ այսպէս, ամէն ինչ սկիզբէն… աւանդական աղուհացի փոխարէն, Հայաստանի մէջ Հռոմի Պապը դիմաւորեցին լաւաշով ու ծիրանով, որուն արեւահամ բոյրի հանդէպ անտարբեր չմնաց անգամ Պապը: «Երբ ժամանեցինք Հայաստան, մեր սենեակներէն մէկուն մէջ յայտնաբերեցինք  սկուտեղ (Ափսէ) մը՝ լի սքանչելի հայկական պտուղով, մեծ հաճոյք ստացանք անկէ ուտելէն: Այս իմաստով Պապը լաւ իրազեկ է ծիրանի մասին ու շատ կը գնահատէ զայն», այցի մեկնարկէն ժամեր անց յայտարարեց Հռոմի Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն մոնսինիոր Ֆետերիքօ Լոմպարտին:

«Յիշողութիւնը պէտք չէ  պղտորել կամ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է». ահա այսպիսի խորհրդածութիւններով Հռոմի Պապը բարձրացաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր անմար կրակի մօտ ան ծաղիկներ դրաւ 1,5 միլիոն անմեղ հայ նահատակներու յիշատակին համար:

Նոյն այդ յիշողութիւնն էր, որ յուշեց Պապին ՀՀ Նախագահի նստավայրին մէջ արտասանած խօսքին մէջ՝ փոխել նախապէս պատրաստուած ելոյթի բովանդակութիւնն ու ի լուր աշխարհի յայտարարել, որ 101 տարիներ առաջ եղած ողբերգութիւնը ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ Ցեղասպանութիւն: Աւելի ուշ` Հռոմ վերադառնալու ժամանակ, օդանաւի մէջ տուած հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանսիչկոս Պապը պարզաբանեց. «Հայերու ոչնչացման վերաբերեալ ես այլ բառ չէի գիտեր, բացի Ցեղասպանութենէն: Ելոյթիս մէջ այդ բառը չկար, բայց Հայաստանի Նախագահի ելոյթի շեշտադրումը լսելէ ետք,  շատ տարօրինակ պիտի հնչէր, եթէ ես չըսէի նոյնը, որ ըսած էի տարի մը առաջ»:

Հայկական խորհրդանիշներէն միւսը` Արարատը, Ֆրանչիսկոս Պապի առջեւ իր ողջ գեցեցկութեամբ բացուեցաւ, երբ ան այցելեց Խոր Վիրապ: Նոյն այստեղ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ու Կաթողիկէ աշխարհի Հովուապետը միասին խորհրդանշական աղաւնիներ թռցուցին Աստուածաշնչեան Արարատի ուղղութեամբ` խաղաղութիւն ցանկալով մեր երկրին, տարածաշրջանին ու ամբողջ աշխարհին:

Ամփոփելով նախորդող երեք օրերը` չենք կրնար չնշել նաեւ Կիւմրիի եւ Էջմիածնի մէջ մատուցուած հոգեպարար Պատարագները, որոնք իւրայատուկ կերպով ընդգծեցին քոյր եկեղեցիներու միասնականութիւնը եւ առաւել լսելի դարձուցին Հովուապետներու աղօթքը Խաղաղութեան համար:

Յունիս 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակի մէջ կայացած էքումենիք արարողութեան հիմքը խաղաղութեան  ընդհանրական աղօթքն էր, որ եզրափակուեցաւ գեղեցիկ ու խորհրդանշական կերպով: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կոչով Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքէն ժամանած հայ պատանիներն ու երիտասարդները՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Հռոմի սրբազան Քահանայապետին մատուցեցին օրհնութեան համար իրենց երկիրներէն բերուած հողը: Հողը եւ ջուրը օրհնելու նուիրական արարողութենէն ետք, զանոնք լեցուցին բեմահարթակին վրայ դրուած Նոյեան տապանի մանրակերտին մէջ:

Աւարտին Հռոմի Պապն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը  ջրեցին տապանը, ուր տնկուած էր Նոյ նահապետը խորհրդանշող հայկական խաղողի որթատունկը: Ֆրանչիսկոս Պապը հեռացաւ` իր հետ տանելով այն տապանի մանրակերտը, որ մարդկութեան փրկութեան ու վերածնունդի խորհրդանիշն է:

Ի դէպ յատկանշական է, որ նոյն այս վերջին արարողութիւնը ամէնէն շատ տպաւորած է Հռոմի Պապին: Այցի աւարտին Հայաստանէն ստացած բազմաթիւ նուէրներու շարքին ան առանձնացուցած է Տապանի մանրակերտն ու անոր մէջ  տնկուած խաղողի որթատունկը:

Խորհրդանշական այս արարողութիւնը, որուն կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուցած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, անհնար կ’ըլլար կեանքի կոչել առանց մասնակից երիտասարդներու եւ պատանիներու երկրներուն մէջ գործող կազմակերպուած համայնքին եւ եկեղեցուն, որոնց ներկայացուցիչները իրենց գործօն մասնակցութիւնը ունեցան նախապատրաստական գործընթացին մէջ:

Շնորհակալութիւն բոլոր համայնքներու պատասխանատուներուն, Հայոց թեմերուն ու մասնակիցներու ծնողներուն` մերօրեայ պատմութեան փոքրիկ պատառիկ մը կերտելու պատրաստակամութեան համար:

Շնորհակալութիւն նաեւ ձեզի՛, սիրելի՛ երիտասարդներ: Թո՛ղ Հռոմի Պապէն ստացած օրհնութիւնը ուղեկից ըլլայ ձեզ ամբողջ կեանքի ընթացքին:

«Հայերն Այսօր»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին