Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*

Բռնաբարութեամբ Եւ Մասամբ Նորին

Հետեւեալ դէպքը կը պատահի Ֆիլատելֆիոյ Ամիշ (Amish) համայնքին մէջ։ Ամիշ համայնքը աղանդի մը կը պատկանի, որուն հիմնադիրները Եւրոպայի կրօնական հալածանքներէն փախուստ տալով, 1730-ին հաստատուած են Ֆիլատելֆիոյ Լենքեսթըր քաղաքը։ Քսան տարիներ առաջ անոնց բնակչութիւնը կը հաշուէր 30,000, իսկ այժմ անոնց թիւը կրկնապատկուած է՝ որովհետեւ իւրաքանչիւր ամոլ ծնունդ կու տայ 7-8 զաւակներու։

Ի՞նչ են Ամիշ համայնքի ապրելակերպի յատկանշական պայմանները։ Անոնք ելեկտրականութիւն չեն գործածեր, ոչ ալ ինքնաշարժ։ Անոնց փոխադրամիջոցը կը բաղկանայ ձիով քշուած հնադարեան կառքերէ։ Ունին իրենց յատուկ եկեղեցին եւ դպրոցը՝ մինչեւ ութերորդ դասարան, որմէ ետք իրենց պատանիները կը նետուին գործի ասպարէզ, իսկ գործի ասպարէզը պարզապէս հողագործութիւնն է։

Amish

Ուրեմն մեր պատմութեան առանցքը կը կազմէ Ամիշ համայնքի 51 տարեկան զաւակ Լի Քաբլանը (տես նկարը), որ իր տան մէջ պահած է 3-18 տարեկան 12 աղջիկներ։ Աւելին՝ ան բռնաբարած է իր տան մէջ ապաստան գտած այդ աղջիկներէն 14 տարեկան պարմանուհի մը, որ հիմա մայր է երեք տարեկան եւ վեց ամսական երկու զաւակներու:

Բարեբախտաբար Լի Քաբլան վերջերս ձերբակալուած է տեղական ոստիկանութեան կողմէ, որ արձագանգած էր դրացիին ահազանգ-հեռախօսազանգին։ Դրացին մտահոգուած ըլլալով պարտէզին մէջ պտըտող՝ դեռատի աղջիկներուն արտասանած վախի արտայայտութիւններէն, հեռաձայնած է ոստիկանութիւն եւ յայտնած իր մտահոգութիւնը։

Դժբախտաբար սակայն հարցը հոս չի վերջանար, այլ նոր զարգացումներու դուռ կը բանայ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ոստիկանական հետազօտութիւններէն ի յայտ կու գայ, որ 14 տարեկան աղջկան ծնողքն է, որ իրենց զաւակը սիրայօժար յանձնած են Քաբլանին, երբ ան խոստացած է զիրենք ազատել նիւթական նեղ կացութենէ մը՝ ըստ որուն անոնք պիտի կորսնցնէին իրենց ապրուստը ապահովող ագարակը։

Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ իրենք պրպտած են օրէնքի տրամադրութիւնները եւ գտած, թէ իրենց առած քայլը օրինական է։ Հիմա անոնք ալ ձերբակալուած են ոստիկանութեան կողմէ, ամբաստանուած՝ իրենց դստեր կեանքը վտանգի տակ դնելու յանցանքով։ Պատիժս արժանաւորաց:

Ոճրագործութեամբ եւ Մասամբ Նորին

Կը յիշէք նորվեկիացի ոճրագործ Էնտըրս Պրէվիքը, որ 2011-ի Յուլիսին զանգուածային ոճրագործութիւն կատարեց, ապա դատապարտուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ։

Anders

Արդարեւ ան (տես նկարը) նախ ռումբ մը պայթեցուց մայրաքաղաք Օսլոյի կեդրոնական հրապարակը, որու հետեւանքով մահացան ութ անմեղ մարդիկ, եւ ապա գնաց մօտակայ Ութոյա (Utoeya) կղզին ու սպաննեց 69 պատանիներ, որոնք կը մասնակցէին ամառնային ճամբարի մը։

Ան կը պատկանէր ծայրայեղ աջակողմեաններու խմբակի մը, իսկ ճամբարի մասնակցողները անդամ էին չափաւոր ձախակողմեաններու խմբակի մը։ Ուրեմն գաղափարական տարբերութիւնն էր, որ պատճառ հանդիսացած էր վերոյիշեալ սպանդին, քաղաքականօրէն հանդարտ այս երկիրին մէջ։

Իսկ ինչո՞ւ հնամաշ այս պատմութիւնը դարձեալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ, ձեզմէ ոմանք պիտի հարցնեն։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ անոր դրդապատճառը։ Արդարեւ ան դատ բացած է պետութեան դէմ՝ բողոքելով, որ մարդկային իր իրաւունքները խախտուած էին, որովհետեւ օրական 23 ժամ ան կ’ապրի մեկուսացման մէջ…:

cell

Հոս պարտինք յիշել, որ իր սենեակը (տես նկարը) օժտուած է հեռատեսիլով, վիտէօ խաղերու կազմածով եւ մարզանքի գործիքով (treadmill): Է՜հ այսքանը չի բաւեր եւ մեր մարդասպանը կ’ուզէ, որ ազատօրէն շրջագայի բանտին մէջ:

Սակայն զարմանալին այն է, որ դատաւոր մը՝ մի ոմն Հելէն Սէքուլիճ, վճռած է ի նպաստ մեր ոճրագործին։ Բարեկամ, արեւմտեան երկիրներու դատաւորները ինչու այսքան ազատամիտ են՝ չեմ հասկնար։ Վստահ եմ այս դէպքը եթէ պատահէր Միջին Արեւելեան երկիրի մը մէջ, արդիւնքը շատ աւելի տարբեր դուրս պիտի գար, չէ՞ք խորհիր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին