Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան «Առաջին լրատուական»-ի հետ կատարած զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնած է, որ Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը սկսաւ Ռուսիոյ լուռ համաձայնութեամբ` խոստանալով միանալ Մոսկուայի գլխաւորած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան: Աշխարհաքաղաքական բոլոր այս ծրագիրները սակայն, խափանեցին սահմանին վրայ կանգնած հայ զինուորները, որոնց պատկերացումները տարածաշրջանի ապագայի մասին լրիւ տարբեր են՝ ազրպէյճանցիներու կամ ռուսերու պատկերացումներէն:
«Հիմա Ռուսաստանը ստիպուած է վերանայիլ իր դիրքորոշումը, որովհետեւ կը հասկանայ, որ եթէ հակամարտութիւնը մտնէ անվերահսկելի փուլ տարածաշրջանին մէջ, ան լուրջ սպառնալիք պիտի ըլլայ նաեւ Ռուսաստանի տարածքային ամբողջականութեան համար», աւելցուցած է Հրանդ Մելիք-Շահնազարեան: