Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Թրքական Լրատուամիջոցները` Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան Այցելութեան Մասին

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութեան լուրը հրապարակած է հետեւեալ վերնագիրով. «Անգամ մը եւս օգտագործեց այդ բառը»: Թերթը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ, Հռոմի պապը շեղած է նախապէս պատրաստուած բնագիրէն եւ 1915-ի ողբերգութիւնը անուանած է ցեղասպանութիւն: Օրաթերթը յիշեցուցած է, որ 2015-ին Վատիկանի մէջ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը դարձեալ օգտագործած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը` ըսելով. «Հարիւրամեակի առաջին ցեղասպանութիւնը հայերուն հետ տեղի ունեցած է»: «Հիւրրիյէթ» գրած է, որ այդ դէպքէն ետք Թուրքիան տուն կանչած էր Վատիկանի մէջ իր դեսպան Մեհմեթ Փաչաճըն, որ միայն 10 ամիս ետք վերադարձած էր իր պաշտօնին:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Միլլիյէթ» օրաթերթը պապի այցելութեան վերաբերող լուրը տուած է հետեւեալ վերնագիրով. «Մէկ տարի անցաւ…Պապը դարձեալ նոյնը ըրաւ»: Թրքական այս թերթը եւս արձանագրած է այն փաստը, որ կաթողիկէ աշխարհի հոգեւոր ղեկավարը անտեսած է նախապէս պատրաստուած բնագիրը եւ իր արտասանած խօսքին մէջ կիրարկած «ցեղասպանութիւն» եզրը:

«Հայաստան ացելած Ֆրանչիսկոս պապը դարձեալ 1915-ի դէպքերը որակած է իբրեւ ցեղասպանութիւն». ճիշդ այս տողերով լուրը հրապարակած է գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը` յիշեցնելով 2015-ին Վատիկանի մէջ պապին արտասանած խօսքը: Լրատուամիջոցը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ ասիկա Ֆրանչիսկոս պապի արտերկիր 14-րդ այցելութիւնն է, իսկ Հայաստանը դարձած է անոր առաջին կանգառը շրջանին մէջ: «Տէօչէ Վելլէ» յիշեցուցած է, որ սեպտեմբերին կ’ակնկալուի պապին այցելութիւնը Վրաստան եւ Ազրպէյճան: Լրատուամիջոցը նշած է, որ այցելութեան ընթացքին ամէնէն ուշագրաւ հարցերէն մէկը այն է, թէ արդեօք Ֆրանչիսկոս պապը պիտի մեղմացնէ՞ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները:

«Հռոմի պապը երրորդ անգամ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը». այս մասին կը գրէ թրքական «Թի24» լրատուամիջոցը` նշելով, որ նախքան այցելութեան սկիզբը Վատիկանէն եկող ազդակները կը խօսէին այն մասին, որ այս անգամ Ֆրանչիսկոս պապը պիտի խուսափի ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործելէ:

Թրքական այլ լրատուամիջոց մը` «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ը մէջբերած է պապին խօսքերը. «Այդ ցեղասպանութիւնը դարձաւ անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու առաջին օղակը»: Լրատուամիջոցը նշած է, որ եզրին օգտագործումը տակաւին անցեալ տարի լարած էր Թուրքիա-Վատիկան յարաբերութիւնները: «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» փաստած է, որ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին պապին արտասանած խօսքին Անգարան տակաւին որեւէ արձագանգ չէ տուած:

«Տիքեն» լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպուման ընթացքին պապը «Մեծ եղեռն» բառերէն ետք կիրարկած է «ցեղասպանութիւն» եզրը: Լրատուականը յիշեցուցած է, որ 2015-ին Վատիկանի մէջ պատարագի ժամանակ այդ եզրին օգտագործումէն ետք պապի խօսքերը քննադատած էին թէ՛ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ՛ ալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւն պապէն…Հակառակ բնագիրին մէջ չըլլալու հանգամանքին, պապը Հայաստանի մէջ ալ ըսաւ ցեղասպանութիւն», այսպէս լուրը հաղորդած է թրքական «Սապահ»-ը:

Պապի այցելութեան եւ ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման հարցին նմանօրինակ հրապարակումներով անդրադարձած են նաեւ «Հապերլեր»-ը, «Ժազիրա»-ի թրքական ծառայութիւնը, «Պի.Պի.Սի.Թիւրք»-ը, «Էն.Թի.Վի.»-ն, «Ենի Շաֆաք»-ը, «Աքշամ»-ը եւ բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին