Յունիս 26, 2016 երեկոյեան Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եղան հիւրը ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի Մասնաճիւղի նորընտիր ատենապետուհիին՝ Տէր եւ Տիկին Սարօ եւ Հիլտա Յարութիւնեաններուն: Ներկայ էին տեղական վարչութեան անդամներ եւ բարեկամ հիւրեր: Ի պատիւ այս հաւաքին ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութենէն Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան (Մոնթրէալէն), Երուանդ Ազատեան (Տիթրոյթէն), Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Ճըրզիէն), Բաբգէն Մկրեան (Ֆիլատելֆիայէն) եւ Արթօ Մանուկեան (Մոնթրէալէն): Ներկայ էր նաեւ Լոնտոնի ԹՄՄի մասնաճիւղի ատենապետ Դոկտ. Հրաչ Գումրուեան եւ ԹՄՄի երկարամեայ նախկին վարիչ քարտուղար Գէորգ Մարաշլեան (Ուաշինկթընէն):
Ընթրիքէն ետք, յանուն ներկաներուն գնահատանքի խօսքը արտասանեց Յակոբ Վարդիվառեան, որ բարձրօրէն վեր առաւնոր վարչական կազմին բազմակողմանի եւ միութենանուէր յատկութիւնները եւ իրենց ունեցած փորձառութիւնը ազգային կեանքէն ներս: Անդրադարձաւ նաեւ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին կատարած ընդարձակածաւալ աշխատանքին մասին: Իր խօսքին մէջ, Պարոն Վարդիվառեան ԹՄՄի պատասխանատու ղեկավարութեան յայտնեց որ մեր մասնաճիւղը պատրաստ է ունենալու իր սեփական կեդրոնը Նիւ Ճըրզիի մէջ հասնելու իր լայնածաւալ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ իր այլ ազգային նպատակներուն:
Տիկին Հիլտա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց որ ԹՄՄի ղեկավարութիւնը ընդառաջեց իր հրաւէրին եւ ան ըսաւ թէ պատուըւած կը զգայ իր տան մէջ ընդունելու բազմավաստակ առաջնորդները ՌԱԿի ու ԹՄՄի կառոյցներու վրայ տասնամեակներ ծառայող ընկերներու: Տիկին Յարութիւնեան եւս ունի լայն մասնակցութիւն ՌԱԿ-ԹՄՄ կառոյցներէն ներս, դեռ սկսելով Լիբանանէն:
Խօսք առին Երուանդ Ազատեան, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան եւ Արթօ Մանուկեան (ԹՄՄի Մոնթրէալի մասնաճիւղի ատենամետը), որոնք գնահատանքով արտայայտուեցան Մեծագոյն Նիւ Եորքի ԹՄՄի գործունէութեան եւ ունեցած բացառիկ յաջողութիւններուն մասին: Իրենք եւս կարեւորութեամբ շեշտեցին Նիւ Ճըրզիի մէջ կեդրոն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Իրենց սրտի խօսքերով արտայայտուեցան թատերախումբի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Չաթմաճեան, որ անդրադարձաւ միութեան թատերախումբին առաքելութեան որպէս ազգապահպանման ու արեւմտահայ մեր լեզուին պաշտպանութեան որպէս կռուան: Նաեւ՝ մասնաճիւղի գանձապահ որ հիացումով արտայայտուեցաւ Թէքէեանի մշակութային բեղուն գործունէութեան մասին:
Հուսկ խօսք առաւ օրուան հիւրընկալը՝ գործարար Սարօ Յարութիւնեան, որ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց կեդրոն ունենալու ծրագրին, որ անպայմանօրէն պիտի կարենար ապահովել նոր սերունդի ազգապահպանման ճիգերուն եւ հայ մշակոյթին տարածման գործին: