Յունիս 23-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուած էին Արցախեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու հարազատներն ու վիրաւորուած զինուորները: Հայաստան ժամանած Գորտոպայի հայկական համայնքի ներկայացուցիչները` Գորտոպայի հայ համայնքի վարչութեան նախագահ, փաստաբան Էտուարտօ Թութուշեան, փոխնախագահ, ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Աւագեան, համայնքի վարչութեան անդամներ` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գորտոպայի մասնաճիւղի, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ կից գործող Կիրակնօրեայ դպրոցի հիմնադիր, New Docta- Nueva Docta երաժշտական հիմնադրամի նախագահ Լիլիան Պալեան-Մերտինեան, փրոֆէսոր Աննա Վիրճինիա Ասատուրօղլուին եւ Գորտոպայի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Յարութիւն քահանայ Ստեփանեան, ցանկութիւն յայտնած էին համայնքի հանգանակած 10 հազար ԱՄՆ տոլար օժանդակութիւնը իրենց հայրենակիցներուն փոխանցել Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով:
Դիմելով նախարարութեան սրահին մէջ հաւաքուածներուն` Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց. «Սիրելի հայրենակիցներ, կը ցաւիմ, որ հանդիպման առիթը տխուր է: Ցաւը ծանր է, ոչ ոք չի կրնար ձեզի սփոփել: Բայց մենք նաեւ կը հպարտանանք, որ այդպիսի հերոս երեխաներ դաստիարակած էք, մենք կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ: Մեր պետութիւնը ունի շարունակութիւն, որ կը կոչուի Սփիւռք: Այս օրերուն իրենք ալ մեզի նման ցաւեցան ու տառապեցան: Տարբեր երկիրներէ մեր հայրենակիցները իրենց միասնութիւնն ու աջակցութիւնը ցուցաբերեցին Հայաստանին եւ Արցախին: Իսկ այսօր իրենց զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերած են Արժանթինի հայերը»:
Իր խոնարհումը յայտնելով ներկաներուն` Տէր Յարութիւն քահանայ Ստեփանեան նշեց. «Ձեր աչքերուն մէջ տխրութիւն ու տղամարդկային հպարտութիւն կայ: Մեր ազգին համար այդ ծանր օրերուն, մենք նոյնպէս Ձեզի հետ արտասուած, միաժամանակ հպարտացած ենք: Իսկ Այսօր մեր համայնքին անունով եկած ենք գլուխ խոնարհելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու պարտականութեամբ: Թող լոյս իջնէ մեր նահատակ տղաներու շիրիմներուն»:
Գորտոպայի հայ համայնքի ղեկավար Էտուարտօ Թութուշեան իր հերթին աւելցուց, որ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու` հայկական համայնքը բոլորին պէս կ’ապրի, կը զգայ ու կը կիսէ կորուստի ցաւը: «Ընդամէնը կ’ուզէինք Ձեզի հետ ըլլալ եւ ըսել` շնորհակալ ենք», -ըսաւ համայնքի ղեկավարը:
Զոհուածներու հարազատներու անունով՝ Սփիւռքի նախարարութեան, Գորտոպայի հայ համայնքին` զօրակցութեան ու մխիթարանքի խօսքերուն, ուշադրութեան, ինչպէս նաեւ աջակցութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց զոհուած զինծառայող Արամ Աբրահամեանի հայրը:
«Ձեր որդիները բոլորինս են, միայն Ձերը չեն: Իմացէք, որ մինակ չէք Ձեր վիշտի մէջ: Միասին պիտի կարենանք մեր ողնաշարը ուղղել ու առաջ երթալ: Երկու գազան թշնամիներու արանքի մէջ, մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք: Իրաւունք չունինք թոյլնալու: Մեր ոգին իւրաքանչիւրիս մէջ պիտի գտնէ մեր ուժը», -հանդիպման աւարտին ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան: