Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Միջազգային Լրատուամիջոցները Կ’անդրադառնան Երեւանի Մէջ Պապի Կողմէ Ցեղասպանութիւն Եզրոյթի Օգտագործման

Միջազգային լրատուամիջոցներու վերնագիրներուն մէջ անմիջապէս յայտնուեցան հրապարակումները այն մասին, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Երեւանի մէջ օգտագործեց Ցեղասպանութիւն եզրը` 1915 թուականի իրադարձութիւնները բնորոշելու համար:

«Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կրկին նկարագրած է իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Ան նման յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ անցեալ տարի, ինչ որ յառաջացուցած էր թրքական կողմի զայրոյթը»,­ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ Պապի ելոյթէն անմիջապէս ետք գրեց բրիտանական BBC-­ն:

Հռոմի Պապը նշած է. «Այդ ողբերգութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, ցաւօք, գլխաւորեց անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու տխուր ցուցակը»: «Հռոմի Պապը Հայաստանի մէջ արտաբերեց մոգական Ցեղասպանութիւն բառը»,- կը ­գրէ CRUX- ը: Պապին խօսքը անմիջապէս մէջբերեցին Associated press-­ը, Reuters-­ը, ABCNews-­ը, Swissinfo-­ն եւ բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:

Համաշխարհային գործակալութիւնները յատկանշական կը համարեն, որ Պապը շեղուած է նախապէս պատրաստած եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նախօրօք բաժնած ելոյթի բնագրէն: Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը ելոյթ ունեցած է ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ 24 Յունիսին` նախագահ Սերժ Սարգսեանի, իշխանութիւններու, հասարակայնութեան եւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին