Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Հռոմի Պապի Հետ Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Համար «Աղօթող» Պատանիները. Աղօթք Առ Լիբանան

Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ընդհանրական արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի մէջ ապրող` Արին Պոյաճեանը եւ Անթընի Այնթապլեանը, որոնք իրենց ծննդավայրէն բերուած  բուռ մը հողով կը մասնակցեցան ալեկոծեալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Պապի հնչեցուցած աղօթքին:

Կը ներկայացնենք լիբանանահայ պատանիներուն մասին «Հայերն այսօր»-ի փոքրիկ անդրադարձը:

Արին Պոյաճեան

14-ամեայ Արին Պոյաճեան Լիբանանէն յատուկ ժամանած է Հայաստան` մասնակցելու Հռոմի Պապին հետ հանդիպման արարողութեան եւ բոլոր ուխտաւորներուն հետ Յունիս 25-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ աղօթելու` յանուն Խաղաղութեան:

Արինը «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց, որ խանդավառուած է այդ կապակցութեամբ եւ որ Հռոմի Պապի հետ հանդիպման յիշողութիւնները միշտ վառ պիտի պահէ իր հոգիին մէջ:
Արինը կը յաճախէ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Սուրբ Խաչ» Հարպոյեան վարժարանի 8-րդ դասարանին մէջ: Հայաստան երկրորդ անգամ կ’այցելէ:

Անոր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանի Ատանա քաղաքէն են, որոնք Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն  եղած են:
Օսմանեան Թուրքիոյ վայրագութիւններէն փրկուելով` Արինի պապերը սկիզբը հասատուած են Դամասկոսի, յետոյ արդէն` Լիբանանի մէջ:

Արինի մեծ հայրիկը Լիբանանի մէջ դերձակ  եղած է` կարելով կանացի հագուստներ:

Անթընի Այնթապլեան

Անթընի Այնթապլեան 15 տարեկան է: Ապրելով Լիբանանի մէջ` կը յաճախէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարան, 9-րդ դասարան է:

Հայաստան վերջին անգամ 4 տարի առաջ  եկած էր` շրջագայելու նպատակով: Տեւական բացակայութենէ ետք` նկատած է, որ իր Հայրենիքին մէջ բաւականին շատ յառաջընթաց գրանցուած է, տեսած է աւելի բարեկարգ ու գեղեցիկ Հայաստան:
Անթընիի երազանքը լաւ ապագայ կառուցել եւ պիտանի մարդ դառնալն է, որպէսզի կարենայ Հայաստանին օգտակար ըլլայ: Կը ցանկայ օդաչու դառնալ:

«Հայերն այսօր»-ին Անթընին պատմեց, որ հպարտութեամբ  լեցուած է` ստանալով Հռոմի պապի հետ հանդիպման եւ ընդհանրական արարողութեան մասնակցելու առաջարկը: Ընտանիքի անդամները նոյնպէս ուրախացած են եւ իրեն բարձր տրամադրութեամբ Հայաստան  ճանապարհած: Կ’ակնկալէ, որ Հռոմի Պապի այցելութիւնը Հայաստան կը նպաստէ խաղաղութեան հաստատման աշխարհի բոլոր պետութիւններուն մէջ, որ այսօր առաւել քան երբեւէ` կարեւոր հրամայական է:

Անթընի Այնթապլեանի պապերը Լիբանանի մէջ  հաստատուած են Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ քաղաքէն: Անոնք նոյնպէս Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներէն  եղած են:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին