Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Կրնա՞յ Նման Բան Մը Պատահիլ Այստեղ…

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Շաբաթ մը  առաջ այս սիւնակով անդրադարձած էի «Ձախող Երկիր»ի սահմանումին:

Օրեր առաջ, կարծես աւելի եւս հաստատելու համար, թէ Լիբանան արդէն իսկ վերոյիշեալ երկիրներու շարքին է, բոլորս ականջալուր եղանք զինեալ կուսակցութեան մը առաջնորդի ճառին, որուն մէջ ան անգամ մը եւս, բարձրաձայն եւ օրինակներով հաստատեց, թէ ինք հպարտ է Իրանի հետ զինակցութեամբ:

Սովորաբար, աշխարհի վրայ ինքզինք յարգող որեւէ պետութեան մէջ, երբ քաղաքական առաջնորդ մը ամենայն վճռականութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը ֆինանսաւորում կը ստանայ արտաքին երկրէ մը, եւ հետեւաբար անոր ցուցմունքները կը կատարէ ու ենթակայ է անոր գծած քաղաքականութեան, այդ անձը անմիջապէս կը ձերբակալուի՝ նուազագոյնը դատապարտուելով որպէս գործակալ:

Կրնա՞յ նման բան մը պատահիլ այստեղ: Անշուշտ ոչ: Մինչ մեզի կը մնայ ըսել՝ « Յո՞ երթաս Լիբանան…»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին