Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հ. Բ. Ը. Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

*ՍՈՆԻԱ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ*

2015-2016 կրթական տարեշրջանը աւարտած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի մանկապարտէզի բաժինին համար եւ Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ի պայծառ առաւօտուն վարժարանիս սրահը կը շտապեն ծնողներ, ազգականներ ու բարեկամներ, ներկայ գտնուելու Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութեան, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Հ. Բ. Ը. Մ.-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի քայլերգներու յաջորդական ունկնդրութենէ ետք, բեմ կը բարձրանան Ծաղիկ դասարանէն երկու աշակերտուհիներ, որոնք բարի գալուստի խօսքերով կ’ողջունեն ներկաներն ու օրուան հանդէսը կը ձօնեն իրենց թանկագին ծնողներուն:

Բացուող վարագոյրին հետ բեմահարթակ կը բարձրանան Ծիլ դասարանցիները, միանալու Բողբոջ – Կոկոն – Ծաղիկ դասարանցիներէ կազմուած երգչախումբին, ներկայացնելու եռալեզու երգերու փունջ մը՝ «Լիբանանեան Դրօշակին», «Քեզ Համար Հայաստան», «Ժառանգներն Ենք Արցախի», «Գարնանային Քայլերգ» եւայլն:

Ջերմ ծափահարութիւններու ալիքէն ետք խօսք կ’առնէ Մանկապարտիզպանուհի Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեանը, որ կը հաղորդէ անցնող տարեշրջանի իրագործումները, կ’անդրադառնայ հայ դպրոցի դերին եւ յաջողութիւն կը մաղթէ աշակերտներուն:  Աւարտին՝ կը հրաւիրէ ներկաները փոքրիկներու ընկերակցութեամբ կատարելու շրջապտոյտ մը դէպի աշխարհի զանազան երկիրներ, ծանօթանալու անոնց կարգ մը սովորութիւններուն ու պարերուն:

Շրջապտոյտը կը սկսի Լիբանանէն:  Բեմին կեդրոնը կ’երեւի աշխարհի քարտէզը, ուր իւրաքանչիւր հանգրուանին քայլերգի մը ընկերակցութեամբ, երկու փոքրիկներ տոհմիկ տարազներով այդ երկրին դրօշակը կը զետեղեն քարտէզի վրայ եւ համառօտ բացատրութիւն կու տան:  Խումբ մը տղաք ու աղջիկներ պարով կամ կենդանի պատկերով կը ներկայացնեն նոյն երկիրը խորհրդանշող գլխաւոր երեւոյթ մը:

Ծաղիկ դասարանի աղջիկները կուժերով կը հրամցնեն Լիբանանեան սիրուն պար մը, ապա տղոց հետ արաբերէն լեզուով կ’արտասանեն «Մանուկին Երազը» ոտանաւորը:

Ծիլ դասարանի փոքրիկները ելոյթ կ’ունենան Պրազիլեան ուրախ պարով մը:

Ճափոնի մէջ հետաքրքրական երեւոյթ է լուսաբացէն առաջ ձկնորսութիւնը եւ յատուկ ցպիկներով բրինձ ճաշակելը, զոր վարպետութեամբ կը մարմնաւորեն Ծաղիկները:

Բողբոջները հանդէս կու գան ռուսական խանդավառ պարով մը ու կ’արտասանեն «Նաւակ» եւ «Մանուկ Մըն Եմ» արտասանութիւնները:

Ծաղիկները կը պատկերեն Եգիպտոսի մէջ փարաւոնեան հին պատմութիւն մը, ուր թագուհի մը իր նաժիշտներուն հրահանգներ կ’արձակէ ու կը զարդարուի, մինչ երաժշտութիւնը կը փոխուի եւ պարուհիի մը զուարթ պարը ամէնքը ոտքի կը հանէ պարելու:

Կոկոնները կը մատուցանեն յունական աշխոյժ պար մը ու կ’արտասանեն «Ամառ»ը՝ անգլերէն լեզուով եւ «Արձակուրդ»ը՝ հայերէն լեզուով:

Ֆրանսական նորաձեւութեան փոքրիկ աստղերը (Բողբոջ – Կոկոն) իրենց ճկուն քայլուածքներով, կը ներկայացնեն փարիզեան զգեստներու վերջին նորոյթները:

Ծաղիկները սպանական գեղեցիկ պարով ներկաները կը փոխադրեն Սպանիա, ապա կ’արտասանեն «Խաղաղութիւն»՝ անգլերէն լեզուով ու «Հայրենիքի Զաւակները»՝ հայերէնով:

Տնօրէնութեան խօսքը կը փոխանցէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալեօզեանը, որ կը խօսի Կարմիրեան վարժարանի սրբազան առաքելութեան մասին, կը գովէ անցեալ տարուան 9-րդ դասարանի (Պրովէի) պետական քննութեան 100% յաջողութիւնը, կը թուէ դպրոցական զանազան միջոցառումները, հրաւիրելով ծնողները միասնաբար գործելու,  որպէսզի աշակերտներուն մօտ աւելի զարգանայ վերլուծական եւ քննական կարողութիւնը:  Տիկ. Պալեօզեան կ’եզրափակէ իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք տարբեր միջոցներով նեցուկ կը կանգնին մեր վարժարանին:

Վկայականներու տուչութիւնը կը կատարուի ձեռամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի Ատենապետուհի՝ Տիկ. Լենա Իւրնէշլեանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարժարաններու Ընդհանուր տնօրէն՝ Պրն. Արա Վասիլեանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Մարալ Պալեօզեանի ու Մանկապարտիզպանուհի՝ Օրդ. Սոնիա Տեյիրմենճեանի:

Շրջապտոյտը կ’աւարտի Հայաստանի տեսարանով, ուր հայկական ճոխ երաժշտութեան առընթեր Ծաղիկներ որթատունկէն խաղող կը քաղեն եւ գինի կը պատրաստեն, գովելով մեր հայրենի հողին առատ բերքը:  Հարց կը տրուի «կռունկներուն», թէ ո՞ր երկիրը կը սիրեն:  Պատասխանը կ’ըլլայ միաբերան. «Հայրենիքէն լաւը չկայ ո’չ մէկ տեղ»:

Հայկական պարին կը մասնակցին մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները, որոնք կ’ուխտեն ամբողջ հոգիով սիրել Հայաստանն ու անոր կառչած մնալ:

Վկայականաց բաշխմամբ՝ այս բացառիկ հանդիսութիւնը իր լրումին կը հասնի եւ շրջանաւարտները հանդիսաւոր ու յաղթական քայլերով կ’իջնեն բեմէն:  Այնուհետեւ տեղի կ’ունենայ շրջանաւարտութեան կարկանդակի հատումը եւ ուրախութեան մթնոլորտը կը շարունակուի հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ, ուր գովասանքի ու անկեղծ շնորհաւորական խօսքեր կը փոխանցուին վարժարանիս տնօրէնուհիին, Մանկապարտիզպանուհիին եւ մանկապարտէզի ուսուցչակազմին:

Բարի երթ ու փայլուն ապագայ մեր փոքրիկներուն:

Վարձքը կատար բոլորին:

2-KG Graduation

3-KG Graduation

4-KG Graduation

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին