Յունիս 24-ին սկսաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի եռօրեայ այցը Հայաստանի Հանրապետութիւն` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսի ներքոյ:
Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանը` պատուիրակութիւններու ուղեկցութեամբ, ինչպէս նաեւ Կաթոլիկ եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ:
Օդանաւի վայրէջքէն յետոյ շարժասանդուղքի մօտ տեղի ունեցաւ երկու առաքելահաստատ Եկեղեցիներու Հովուապետերու եղբայրական ողջագուրումը, ապա Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ողջունեցին ՀՀ Նախագահը եւ առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեանը:
Ազգային տարազներով երկու պատանիներ Ֆրանչիսկոս Պապին հայկական ծիրան եւ լաւաշ մատուցեցին: Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարութեամբ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ողջունեց միջնադարեան շարականներու կատարմամբ: Հռոմէակաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գահակալին օդակայանին մէջ դիմաւորեցին պատուոյ պահակախմբով, զինուորական նուագախմբով ու քայլերթով:
Այս ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ՀՀ Նախագահը Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին պատուիրակութիւններու անդամները: Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը եւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանը:
Օդակայանին մէջ ՀՀ Նախագահի հետ կարճատեւ զրոյցէ յետոյ, Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետն ու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը պատուիրակութիւններու ուղեկցութեամբ մեկնեցան Ս. Էջմիածին:
Մայր Աթոռի մէջ երկու Հայրապետերուն դիմաւորեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը: Այս առիթով Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հայոց հոգեւոր կեդրոն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ, դրօշակներով եւ պաստառներով նոյնպէս ողջունեցին Ֆրանչիսկոս Պապին:
Հայ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցիներու հոգեւորականներէն կազմուած հանդիսաւոր թափօրը, Մայր Տաճարի աւետաբեր ղօղանջներու եւ «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութեան ներքոյ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին առաջնորդեց Միածնաէջ Մայր Տաճար:
Տաճարի մէջ երկու Հովուապետերը խոնարհեցան Իջման Ս. Սեղանի առջեւ` համբուրելով գրակալի վրայ դրուած Ս. Աւետարանը եւ Երնջակի մասունքակիր Ս. Խաչը, ապա բարձրացան Մայր Տաճարի Աւագ Խորան, ուր Ս. Սեղանի առջեւ տեղի ունեցաւ եղբայրական ողջագուրում:
Համատեղ սաղմոսասացութենէ յետոյ Ֆրանչիսկոս Պապը ընթերցեց «Ի մէջ տաճարիս» աղօթքը, ապա Մայր Տաճարի երգչախումբը կատարեց «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականը:
Այնուհետեւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը «Պահպանեայ զմեզ, Քրիստոս Աստուած մեր» աղօթքով օրհնեց տաճարին մէջ եղող բարեպաշտ հաւատաւոր ժողովուրդին:
Աղօթքէն յետոյ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին ողջունեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:
Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորաբար ըսաւ.
«Ձերդ Սրբութիւն, սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,
Գոհութիւն եւ փառք կը մատուցենք Աստծուն, որ այսօր Միածնաէջ այս սուրբ տաճարին մէջ եղբայրական սիրով ու աղօթքով կ’ողջունենք Ձերդ Սրբութեան եւ Ձեզ ուղեկցող պատուիրակութեան: Խորապէս զգացուած ենք, որ Մեր հրաւէրին ընդառաջ՝ այցելեցիք Հայաստան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Հինաւուրց այս տաճարը Աստծոյ հետ մեր ժողովուրդի կնքած սրբազան ուխտի խորախորհուրդ վկայութիւնն է: Նուիրական այս սրբավայրին մէջ իջաւ Յիսուս Քրիստոս եւ Իր Սուրբ Աջով հաստատեց Սուրբ Էջմիածինը՝ սրբութիւն սրբոցը համայն հայութեան: Աստուածային նախախնամութեամբ հայոց երկրորդ Լուսաւորիչ, առաքելապատիւ սուրբ Գրիգոր հայրապետի տեսիլքով ու անխոնջ ջանքերով, նորոգուեցան սուրբ Թադէոս եւ սուրբ Բարդողիմէոս առաքեալներու քարոզչութեամբ մեր ժողովուրդի սրտի մէջ վառած հաւատքի կանթեղները: Այդ օրէն ի վեր Սուրբ Էջմիածնէն ճառագող լոյսը կը միաւորէ մեր ժողովուրդին՝ տապանակիր Արարատի շուրջ սփռուած իր Հայրենիքով, իր սրբութիւններով եւ իր պատմութեամբ: Անչափ ուրախ ենք, որ այսօր միածնաէջ այս սուրբ տաճարի մէջ ի փառս Աստծոյ կը միաւորուին սուրբ Պետրոս եւ սուրբ Թադէոս ու սուրբ Բարդողիմէոս առաքեալներու Աթոռներու գահակալներուս աղօթքները՝ հայցելով մեր հաւատացելոց եւ ողջ աշխարհի համար խաղաղութիւն, սիրոյ ու եղբայրութեան ամուր ոգի եւ համագործակցութեան արգասաւորում:
Այս պահուն ջերմ զգացումներով կը յիշենք 2001 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակման 1700-ամեակի առիթով՝ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի այցը Հայաստան: Ան սուրբ Պետրոսի Աթոռի Գահակալի առաջին այցելութիւնն էր մեր երկիր, որ մեր Եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններու մէջ գործակցութեան նոր խթան հանդիսացաւ: Մեր Եկեղեցիներու եղբայրական յարաբերութիւններու աւելի սերտացման գործին մէջ նշանակալի աւանդ բերած էք նաեւ Դուք՝ Ձեր ծառայագործութեան հանգրուաններու մէջ, իւրայատուկ ջերմութիւն դրսեւորելով Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Ձերդ Սրբութեան այցելութիւնը նոր վկայութիւն է մեր Եկեղեցիներու եղբայրութեան եւ գործակցութեան, որ երկուստեք կը զօրացնէ հայ առաքելական ու կաթոլիկ հաւատացեալներուն եւ կը տոգորէ լաւատեսութեամբ, որ մեր կեանքի մէջ աւելի զգալի պիտի ըլլան քրիստոնէական սիրով շաղախեալ մեր հաւատքի վկայութիւնները:
Մեր ժողովուրդի զաւակները երախտագիտութեամբ կը յիշեն՝ Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցած Ձեր հանդիսաւոր պատարագը՝ Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պատմական ճառով: Գոհութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ այսօր այստեղ Ձերդ Սրբութեան, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ զաւակներու, Ձեր այցի առիթով տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած բազմաթիւ հայորդեաց ու հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի հետ միասնաբար, կրնանք աղօթել եւ հայցել Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը, որոնց արեան վկայութիւնը ոչ միայն հայոց, այլ նաեւ քրիստոնէական ընդհանուր հաւատքի յաղթանակի հաւաստիքն է: Ինչպէս առաքեալը կ’ըսէ՝ շատերու գոհութեամբ առատացած շնորհը կ’աւելնայ ի փառս Աստծոյ (Հմմտ. Բ Կորնթ. Դ 15):
Հայոց Ցեղասպանութեան եւ խորհրդային աստուածամերժութեան տարիներու աւերներէն յետոյ, այսօր հայրենի անկախ պետականութեան պայմաններու մէջ, մեր Եկեղեցին հոգեւոր նոր զարթօնք կ’ապրի՝ ազատօրէն իրականացնելով տէրունաւանդ իր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մեր Եկեղեցին նաեւ աւելի մասնակցութիւն կը բերէ համաքրիստոնէական կեանքին՝ խորին համոզումով, որ աշխարհի վրայ եղող առկայ հոգեւոր, քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական ճգնաժամերու խորացման այս ժամանակաշրջանին, առաւել քան կարեւոր է Քոյր Եկեղեցիներու միասնական աղօթքն ու գործակցութիւնը՝ յանուն Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արգասաւորման, աշխարհի վրայ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու պահպանման ու արժեւորման, մերձաւորին հանդէպ սիրոյ զօրացման, որոնցմով կեանքի մէջ կրնան մարմնաւորուիլ ապահովութեան եւ բարօրութեան իրական արդիւնքները:
Աղօթք կը բարձրացնենք Քրիստոսի Սուրբ Եկեղեցւոյ հաստատունութեան եւ պայծառութեան, մեր Տիրոջ պարգեւած սիրոյ ու հաճութեան ոգու տարածման եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու համերաշխ կեանքի ամրապնդման համար: Կը հայցենք Ձերդ Սրբութեան Տիրոջ զօրակցութիւնը եւ կը մաղթենք ընդ երկայն աւուրս քաջառողջ, արդիւնազարդ գահակալութիւն՝ ի պայծառութիւն Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցու եւ ի մխիթարութիւն հաւատացելոց:
Բարի եկած էք աստուածաշնչեան երկիր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչի՝ Յիսուս Քրիստոսի ողորմութիւնը, շնորհներն ու օրհնութիւնը թող ըլլան մեզ հետ եւ ամէնքի. ամէն»:
Պատասխան ուղերձով հանդէս եկաւ Ֆրանչիսկոս Պապը.
«Մեծարգոյ Եղբայր,
Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս:
Յուզումով ոտք դրի ձեր ժողովուրդի պատմութեան վկայի, անոր հոգեկանութեան լուսաշող կեդրոնի, այս սրբազան վայրի շեմին. եւ Աստուծոյ թանկագին պարգեւը կը համարեմ, որ կարողացայ մօտենալ սուրբ սեղանին՝ որմէ Քրիստոսի լոյսը սփռուեցաւ Հայաստանի մէջ: Կ’ողջունեմ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ-ին, շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Էջմիածին այցելելու հաճելի հրաւէրի համար. Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն, ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին՝ սրտագին եւ ցնծալի ընդունելութեան համար, որ ինծի պարգեւեցիք: Շնորհակալութիւն Ձերդ Սրբութիւն, ինծի՝ Ձեր տան մէջ հիւրընկալելու համար. սիրոյ այս նշանը բառերէ շատ աւելի պերճախօս կերպով կ’արտայայտէ, թէ ինչ կը նշանակեն ընկերութիւնն ու եղբայրական սէրը:
Այս հանդիսաւոր առիթով Տիրոջը գոհութիւն կը մատուցեմ ձեր երկրին մէջ վառած հաւատքի լոյսի համար. Հաւատք, որ Հայաստան աշխարհին տուաւ իր ուրոյն ինքնութիւնը եւ անոր Քրիստոսի պատգամաբերը կարգեց Ազգերու մօտ: Քրիստոս է Ձեր փառքը, Ձեր լոյսը, արեգակը, որ Ձեզ լուսաւորեց եւ նոր կեանք պարգեւեց, որ Ձեզ ուղեկցեցաւ եւ սատարեց յատկապէս մեծագոյն փորձութիւններու պահերուն: Կը խոնարհիմ Տիրոջ ողորմութեան առաջ, որ կամեցաւ Հայաստանը ըլլայ առաջին Ազգը, 301 թուականէն, որ ընդունի Քրիստոնէութիւնը որպէս իր կրօնը, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը՝ երբ հռոմէական կայսրութեան մէջ դեռ կը բորբոքէին հալածաքները:
Քրիստոսի հաւատքը Հայաստանի համար չէ եղած որպէս զգեստ, որ կարելի է հագնիլ կամ հանել, պարագաներու կամ առիթներու համաձայն, այլ սեփական ինքնութեան բաղկացուցիչ իրականութիւն, գերազանց պարգեւ՝ ուրախութեամբ ընդունելի եւ ժրաջանութեամբ եւ ուժով պահպանելի: Ինչպէս գրեց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, «հայ հասարակութեան «Մկրտութեամբ» […] ծնունդ կ’առնէ ժողովուրդի նոր ինքնութիւն, որ հայ ըլլալու անբաժանելի եւ բաղկացուցիչ մաս պիտի դառնայ: Այդ պահէն այլեւս անհնար է մտածել, որ տուեալ ինքնութեան բաղադրիչներու շարքին տեղ չգտնէ Քրիստոսի հաւատքը, որպէս էական բաղկացուցիչ» (Առաքելական նամակ հայ ժողովրդի մկրտութեան 1700 յոբելեանի առիթով [2 Փետրուար 2001], 2): Տէրը թող օրհնէ ձեզ՝ հաւատքի այս լուսաւոր վկայութեան համար, որ օրինակելի կերպով կ’ապացուցէ աւելի քան հազար եօթ հարիւր տարիներ առաջ ընդունած Մկրտութեան հզօր արդիւնաւէտութիւնն ու բեղունութիւնը, մարտիրոսութեան պերճախօս եւ սուրբ նշանով, որ ձեր ժողովուրդի պատմութեան կայուն մասնիկը դարձած է:
Գոհութիւն կը մատուցեմ Տիրոջ նաեւ այն ընթացքին համար, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կատարեցին եղբայրական ու անկեղծ երկխօսութեան միջոցով, հասնելու համար լիարժէք կիսելու գոհութեան Սեղանը: Սուրբ Հոգին թող օգնէ մեզ իրականացնելու այն միութիւնը, որու համար աղօթեց մեր Տէրը, որպէսզի իր աշակերտները մէկ ըլլան եւ աշխարհը հաւատայ: Ինծի հաճելի է յիշել այժմ, մեր երկու Եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման եւ երկխօսութեան ամրապնդման՝ վերջերս տրուած վճռորոշ մղումը, Նորին Սրբութիւններ Վազգէն Ա-ի եւ Գարեգին Ա-ի եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի կողմէ: Համամիութենական այս ջանքերու յատկապէս նշանակալից փուլերու շարքին մէջ կը յիշեմ Ի դարու հաւատի Վկաներու յիշատակութիւնը, 2000 թուականի Մեծ Յոբելեանի շրջանակներու մէջ. Ձերդ Սրբութեան յանձնումը քրիստոնեայ Հայաստանի Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքէն՝ Երեւանի նորակառոյց Տաճարի համար. Նորին Սրբութիւն Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Ձերդ Սրբութեան ստորագրած համատեղ յայտարարութիւնը՝ ճիշդ այստեղ, Սուրբ Էջմիածինի մէջ. ինչպէս նաեւ Ձերդ Սրբութեան կատարած այցերը Վատիկան, կարեւոր պահերու եւ յիշատակութիւններու առիթով:
Դժբախտաբար աշխարհը բաժանումներով եւ ընդհարումներով խարանուած է, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ հոգեւոր աղքատութեան ծանր վիճակներով, ներառեալ մարդկանց, նոյնիսկ երախաներու եւ ծերերու չարաշահումը, եւ կ’ակնկալուի քրիստոնեաներէն փոխադարձ գնահատման եւ եղբայրական համագործակցութեան վկայութիւն, որպէսզի կրկին փայլի ամէն խղճի առաջ Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Համբերատար եւ մշտանորոգ ջանքը դէպի լիարժէք միութիւն, համատեղ ձեռնարկներու հզօրացումը եւ ի տես հասարակաց բարիքի, Տիրոջ բոլոր աշակերտներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ նման են փայլակնացայտ լոյսի՝ խաւարամած գիշերուայ մէջ, եւ կանչ է ապրելու սիրով ու նոյնիսկ տարբերութիւններու փոխըմբռնմամբ: Համամիութենական ոգին օրինակելի կը դառնայ նաեւ եկեղեցական հասարակութեան տեսանելի սահմաններէն դուրս, եւ բոլորին համար կը ներկայացնէ զօրաւոր կոչ մը՝ տարակարծութիւնները հարթելու երկխօսութեամբ եւ արժեւորելով այն, ինչ կը միացնէ: Համամիութենական ոգին միաժամանակ կ’արգիլէ հաւատքի չարաշահումն ու շահարկումը, որովհետեւ կը պարտաւորեցնէ յայտնաբերել անոր հարազատ արմատները, հաղորդել, պաշտպանել եւ տարածել ճշմարտութիւնը՝ իւրաքանչիւր մարդկային էակի արժանապատուութեան պահպանմամբ, եւ այնպիսի ձեւերով, որոնցմէ թափանցէ այն սիրոյ եւ փրկութեան ներկայութիւնը, որ կը ցանկանք սփռել: Այսպէս համոզիչ վկայութիւն կու տանք աշխարհին – որ անոր ահաւոր կարիքն ունի –, թէ Քրիստոս կենդանի է եւ գործուն, կարող՝ ազգերու, մշակոյթներու եւ կրօնքներու միջեւ միշտ նորանոր հաշտութեան ճանապարհներ բանալու: Կը վկայենք եւ կը հաւատացնենք, որ Աստուած սէր է եւ գթասրտութիւն:
Սիրելի եղբայրներ, երբ մեր գործը ներշնչուած է եւ մղուած Քրիստոսի սիրոյ ուժով, կը զարգանան փոխադարձ ճանաչումն ու համարումը, կը ստեղծուին լաւագոյն պայմաններ համամիութենական պտղաբեր ընթացքի, եւ միաժամանակ, կը մատնանշուի իւրաքանչիւր բարի կամք ունեցող անձի եւ ամբողջ հասարակութեան՝ առարկայական երթեւեկելի ճանապարհ՝ ներդաշնակելու համար հակամարտութիւնները, որ կը պատառոտեն քաղաքակիրթ կեանքը եւ կը փորեն դժուար բուժուող բաժանումներ: Ամենակարողն Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, բարեխօսութեամբ ամենասրբուհի Մարիամի, «սիւն լուսոյ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Եկեղեցւոյ Վարդապետ սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, օրհնէ բոլորիդ եւ ամբողջ Հայ Ազգը ու միշտ պահպանէ այն հաւատքի մէջ, որ ստացած է հայրերէն եւ փառաւոր վկայութիւն տուած՝ դարեդար»:
Արձակման աղօթքէն յետոյ, Հայրապետական մաղթերգի ներքոյ, եկեղեցականներու թափօրը ժողովուրդին իրենց օրհնութիւնը բաշխող Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաջնորդեց Վեհարան: Այդ ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը պահ մը կանգ առին նաեւ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա եւ Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու շիրմաքարերու առջեւ` իրենց յարգանքն ու խոնարհումը բերելով վերջիններուս պայծառ յիշատակին: Վեհարանի մուտքի մօտ երկու Հովուապետերը նաեւ ունկնդրեցին «Փարոս» քամերային երգչախումբի կատարումները:
Այցի օրերուն Հռոմէակաթոլիկ Եկեղեցւոյ Հովուապետը, հիւրընկալուելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ, պիտի բնակի Մայր Աթոռի մէջ:
Հրաշափառի արարողութեան ներկայ էին աշխարհասփիւռ Հայ Եկեղեցւոյ թեմերէն ժամանած պատուիրակներ, պետական պաշտօնեաներ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի բարերարներ եւ բազմահազար ուխտաւորներ: