Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Հայաստան Այցելելու Առիթով Հեռագիր Յղած Է Իտալիոյ Նախագահին

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան կատարելիք եռօրեայ այցի մեկնարկին, հեռագիր յղած է Իտալիոյ նախագահ Սերխիօ Մատարելլային:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով Վատիկանի ռատիոն, հեռագիրին մէջ կ’ըսուի. «Այս պահուն, երբ կը սկսիմ ուխտագնացութիւնս Հայաստան` թաթախուելու այդ ժողովուրդի հնագոյն իմաստութեան մէջ, հաստատելու անոնց հաւատքը, աջակցելու խաղաղութեան ու հաշտեցման ուղղուած ճանապարհին կատարուող բոլոր ջանքերուն, կը դիմեմ ձեզի, պարոն նախագահ, եւ ողջ իտալացի ժողովուրդին իմ սրտանց ողջոյններով ամբողջ երկրին` քաջալերելով մնալ համերաշխութեան առաջին գիծին վրայ եւ ապագային նայիլ՝ վստահութեամբ ու յոյսով»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին