Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

«Հռոմի Պապը Հայաստանի Մէջ Կը Դիմաւորեն նաեւ Սուրիայէն Գացած Փախստականները». «Wiadomosci»

Հայաստանի մէջ Հռոմի Պապը կ’ողջունեն նաեւ Սուրիայէն գացած փախստականները: Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ին կը գրէ լեհական «Wiadomosci» պարբերականը:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան պիտի այցելէ Յովհաննէս Պօղոս 2-րդ Պապի այցէն 15 տարիներ անց, որ Երեւան ժամանած է քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակին առիթով:

Հարկաւոր է ուշադրութիւն դարձնել խաղաղութեան ուղերձին, որմով Պապը կը մեկնի Կովկաս: Այդ ուղերձը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի ղարաբաղեան չլուծուած հակամարտութեան համար: Կ’ենթադրուի, որ Պապը խաղաղութեան կոչ ընէ: Շատ կարեւոր, ցաւոտ եւ բարդ հարց է Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-17 թուականներուն աւելի քան մէկ միլիոն հայերու կոտորածը, ինչպէս նաեւ վէճերը, արդեօք ատիկա պէտք է Ցեղասպանութիւն կոչել: Անցեալ տարի Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ պատարագի ժամանակ, օգտագործեց այդ բառը` վկայակոչելով Յովհաննէս Պօղոս 2-րդը:

Կը սպասուի, որ Կաթոլիկ Հովուապետին այցի ընթացքին ուշադրութեան կեդրոնը ըլլան Հայաստանի քրիստոնէական արմատները: Անիկա քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին երկիրն է:

Յիշատակի արարողութեան ներկայ պիտի ըլլան նաեւ այն 400 հայերուն ժառանգները, որոնց 1919 թուականին ապաստան տուած են Հռոմի Պապի Գասդել Կանտոլֆօ նստավայրին մէջ, նախ Պենետիքթոս 15-րդի, այնուհետեւ Բիոս 11-րդի ժամանակ:

Պապը պիտի այցելէ նաեւ Գիւմրի: Այստեղ քաղաքային հրապարակին վրայ ան պիտի մատուցէ սուրբ պատարագ, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներու հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ նաեւ որբանոց, Սուրբ Աստուածածին (Եօթ վէրք) եկեղեցի, այնուհետեւ հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի, ուր զինք պիտի ողջունեն նաեւ Սուրիայէն եկած փախստականներ:

Այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Թուրքիոյ հետ սահմանին Արարատէն ոչ հեռու գտնուող Խոր Վիրապի վանքը: Ասիկա Հայաստանի ամենայայտնի ուխտավայրերէն է: Այնտեղ Հռոմի Պապն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ճերմակ աղաւնիներ պիտի արձակեն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին