Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Երախտագիտութեան Երեկոյ

*ՌՈՊԵՐԹ  ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*

Շաբաթ, 18 Յունիս 2016-ին,  Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) Գալուստեան սրահին մէջ նշուեցաւ՝ Վարժարանի բարեկամներու յանձնախումբի երկարամեայ անդամ Պրն.  Սիրական Վարոլեանի ծննդեան 80-ամեակը։ Երեկոյին կը մասնակցէին յոբելեարին երկու որդիները՝ Յարութիւնն ու Համբարձումը, իրենց ընտանիքի բոլոր անդամներով եւ 7 թոռնիկներով, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ՍՆԱՎ-ի ժրաջան յանձնախումբի բոլոր անդամները։ Երեկոյին ներկայ էին նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ․Տ․Սիմէոն Աբղ. Օտապաշեանը եւ Ս.Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․Տ․Աբրահամ Քհն․Մալխասեանը։

Սիրական Վարոլեանը այն հազուաթիւ հայորդիներէն է, որ իր բազմազան աշխատանքներով հաւատարմօրէն ու անսակարկ, հաւասարապէս նուիրուած է թէ՛ Հայ առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ Մեսրոպեանի պատնէշ համարուող Հայ Ամենօրեայ Վարժարանին։ Ան 30 տարիներ անընդմէջ՝ ըլլալով  Վարժարանի բարեկամներու յանձնախումբի անդամներէն մէկը, մասնակցած է դրամահաւաքի իւրաքանչիւր ձեռնարկին, դռնէ-դուռ տոմս վաճառելով եւ մեծապէս սատար կանգնելով ՍՆԱՎ-ի՝ տարեկան ձեռնարկներուն նուիրատուութիւն ապահովելով։

Վարժարանի խնդրանքով եւ Հայ եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ սրբազան հօր՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի դիմումով, Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր Հայրական պատգամը ուղարկած էր՝ Տէր եւ Տիկին Սիրական եւ Սրբուհի Վարոլեաններուն, զոր հանգամանօրէն ընթերցեց առաջնորդական փոխանորդ Հոգշ․Տ․Սիմէոն Քհն. Օտապաշեանը։ Երեկոն խնամքով կազմակերպած էին ատենապետներ Նուրհան Ատուրեանը եւ Արեգ Նշանեանը։ Յոբելեարին կենսագրական մանրամասնութիւնները ներկայացուց ՍՆԱՎ-ի տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանը, որ Տերսիմի ջարդերէն ողջ մնացած Սիրականին նուիրուած՝ իր անգլերէնով գրած պատմուածքէն հատուած մը կարդաց։ Այդ ժամանակ ան երկու տարեկան էր, իսլամացած՝ եւ որպէս հովիւ կը ծառայէր թուրք ընտանիքի մը մէջ։ Տասներկու տարեկան հասակին իր եղբօր կողմէ ազատուելով՝ միասնաբար հասած էին Պոլիս։ Մինչեւ այդ տարիքը ան չէր գիտեր, որ ինք հայու զաւակ էր։ 1962-ին Պոլսոյ մէջ կ’ամուսնանայ Սրբուհի Անտոնեանի հետ: Իսկ 1967-ին մշտական բնակութիւն կը հաստատեն ԱՄՆ։

Դանիա Վասիլեանի ղեկավարութեամբ, գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան «Արմինսթրինկ» պատանի ջութակահարներու նուագախումբը, ինչպէս նաեւ բազմատաղանդ դաշնակահար Աշոտ Սողոմոնեանը։ Վարոլեաններուն նուիրուած երգերով ելոյթ ունեցաւ Միսաք Պօղոսեանը, իսկ կարկանդակի հատումին՝ երգչուհի Անահիտ Պօղոսեանը։

Յայտագրի աւարտին սրտաբուխ գնահատանքի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տ․Աբրահամ քհն. Մալխասեանը, որմէ ետք իր փակման աղօթքով եզրափակեց այս պատուական հայուն նուիրուած երեկոն։ Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի ընտանիքի փափաքն էր մեծարել եւ երախտագիտութիւն յայտնել Սիրական Վարոլեանին՝ իր ծննդեան 80-ամեակի առթիւ։

                                                           

2

3

4

5

6

7

8

9

10

11

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին