Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Հայաստանի Վարչապետին Մօտ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի ՀանրապետութեանՎարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:

1

Հանդիպման ընթացքին Վարչապետը բարձր գնահատեց է ՌԱԿի գործունէութիւնը հայապահպանութեան եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործին մէջ՝ ընդգծելով, որ աւանդական այս կուսակցութիւնը մշտապէս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է համահայկական նշանակութիւն ունեցող գործընթացներու մէջ եւ իր պատմութեամբ ու անցած ճանապարհով կ՛ապացուցէ իր կենսունակութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ընկեր Նահապետեան ներկայացուց ՌԱԿ-ի ծրագիրները եւ նշեց, որ կուսակցութիւնս պատրաստ է շարունակելու աջակցիլ հայութեան եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրներու լուծման:

2

 

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ազգային ինքնութեան ու լեզուի պահպանման, մայր Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, Հայաստանի ու Արցախի զարգացման եւ այլ հարցերու շուրջ։

3

Նշենք, որ հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ ՀԱյաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը:

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին