Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Մինչեւ Ո՞ւր Կրնայ Հասնիլ Հիւմըրի «Ան»մակարդակութիւնը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ինչպէս ամէն տեսակի արժէք եւ մարդկային կենցաղի հետ կապուած երեւոյթ, զուարթամտութիւնը (հիւմըր) նոյնպէս՝  կ’ապրի մեծ անկում…:

Օրինակ վերցնելով  արաբական ներկայացումներէն, կ’ուզեմ  կեդրոնանալ Ռամատանի շրջանին հեռատեսիլէն ցուցադրուող կարգ մը ծրագիրներու վրայ:

Անցեալ տարի ցուցադրուած՝ օդանաւային արկած մը կեղծելով, հանրածանօթ աստղեր խաղի բերող ծրագրին եգիպտացի հեղինակը, այս տարի հանդէս եկած է աւելի շինծու եւ կոպիտ ծրագիրով մը, ուր այս անգամ  իր «հիւմըրին» զոհ դարձած աստղը վայրի կենդանիներու կողմէ յարձակումի կ’ենթարկուի՝  Ափրիկէի անտառներուն մէջ:

Անձնական համոզումով, ըսեմ, որ ծիծաղելի ոչ մէկ բան կարելի էր գտնել նշեալ հաղորդումին մէջ. Եթէ սեպենք, որ ծրագրի զոհերը իրենց հերթին դերասանութիւն կ’ընեն, ապա այդ մէկը շատ կեղծ ստացուած է, իսկ եթէ անոնք իսկապէս տեղեակ չեն, որ եղածը «կատակ է», ապա՝  խնդալէ աւելի կարելի է ջղայնանալ, տեսնելով անոնց  ցնցիչ եւ ցաւալի պահերու մատնուիլը:

Սակայն, հակառակ նման ծրագրի մը անմարդկային եւ սարսափ առաջացնող երեւոյթի մերժելի պարունակութեան, ան կը ցուցադրուի որպէս ժամանցային հաղորդաշար՝ զուարճացնելու համար միլիոնաւոր հեռուստադիտողներ, որ վստահաբար հետեւողներու բարձր ցուցանիշ (ռէյթինկ) կ’ապահովէ սփռող կայանին, այլապէս ան  իր սուղ եթերը անոր պիտի չտրամադրէր:

Առաւել ցաւալին այն է, որ նման խեղկատակութիւնը, ըստ երեւոյթին, վարակիչ է, որովհետեւ այս տարի նմանօրինակ այլ հաղորդաշար մըն ալ պատրաստուած է, որու աստղ-հիւրերը այս անգամ հրդեհի վտանգաւոր միջավայրի մէջ գտնուելու զոհ կը դառնան:

Փորձելով արդարացնել այսպիսի տափակութիւնները, կը մտածեմ, որ  բնականաբար ամէն ծրագիր ունի իր հանդիսատեսը, սակայն մտահոգիչը անոր համատարած երեւոյթ դառնալն ու լուրջ ծրագիրներու եւ անոնց պահանջարկի  բացակայութիւնն է:

Տակաւին կայ ամենավտանգաւորը. Արդեօք մինչեւ ո՞ւր կրնայ իյնալ, այսպէս կոչուած, հիւմըրի մակարդակը մեր հասարակութեան մէջ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին