Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

«Հռոմի Պապը Խոր Վիրապի Մէջ Աղաւնիներ Պիտի Ղրկէ Արարատ Լերան Ուղղութեամբ». Ռատիօ Վատիկան

Հռոմի Պապի Հայաստան այցը կ՛ընդգծէ անոր ցանկութիւնը` ցոյց տալ իր մտերմութիւնը հայ ժողովուրդին, որ այդքան շատ տառապած է իր պատմութեան ընթացքին: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Սուրբ աթոռի մամուլի գրասենեակի ղեկավար Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին` խօսելով Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան եռօրեայ այցին մասին, կը յայտնէ Radio Vatican-ը:

Հայր Լոմպարտին նշած է, որ Հռոմի Պապին այցը Հայաստան՝ անոր Կովկաս ուղեւորութեան առաջին մասն է: Ուղեւորութեան երկրորդ մասը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 30- Հոկտեմբեր 2-ին, երբ ան պիտի այցելէ Ազրպէյճան եւ Վրաստան:

Կայքը կը յիշեցնէ, որ 2015 թուականի Ապրիլին Վատիկան այցելած էր Գարեգին Բ կաթողիկոսը` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման նուիրուած պատարագին մասնակցելու համար:

Հայաստան այցելութեան ընթացքին Հռոմի Պապը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ պիտի հանդիպի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն հետ:

Հայր Լոմպարտին նաեւ նշած է, որ Հայաստան մեկնող լրագրողներուն մէջ է Եւանկելինա Հիմիթեանը, որ Պապի Պուէնոս Այրեսի արքեպիսկոպոս եղած տարիներուն, անոր ընկերը եղող հայ քահանայի դուստրն է: Լրագրողի պապիկն ու տատիկը օսմանեան թուրքերուն կողմէ հայերու հետապնդումներու ականատես եղած են եւ փրկուած են թուրք գիւղացիներու օգնութեամբ, որոնք պաշտպանած են զիրենք:

Հայր Լոմպարտին նաեւ յայտնած է, որ իր այցելութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Գիւմրի, ուր բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցի, այնուհետեւ պիտի վերադառնայ Երեւան:

Այցելութեան վերջին օրը Պապը պիտի այցելէ Խոր Վիրապ, ուր աղաւնիներ պիտի ղրկէ Արարատ լերան ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին