Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան յայտարարած է, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցի ընթացքին, հայկական կողմը մտադիր է բարձրացնել Վատիկանի գաղտնի արխիւին մէջ պահուող՝ հայ ժողովուրդին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան հարցը:
«Վատիկանի գաղտնի արխիւը կը համարուի աշխարհի ամենամեծ արխիւներէն մէկը, ուր հսկայական քանակութեամբ փաստաթուղթեր կան այն երկրներու եւ ժողովուրդներու մասին, որոնց հետ յարաբերած է Վատիկանը: Հայ ժողովուրդը 3-րդ – 4-րդ դարերէն սկսեալ յարաբերած է Վատիկանի հետ, եւ մեր ժողովրդի պատմութեան վերաբերող մեծ քանակութեամբ փաստաթուղթեր կան այդ արխիւին մէջ, որոնք դեռ չեն բացուած, չեն դրուած շրջանառութեան մէջ», լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Ազգային արխիւի տնօրէնը:
Ամատունի Վիրաբեանի խօսքով` այդ փաստաթուղթերը կ՛առնչուին ինչպէս հայ ժողովուրդի եւ Վատիկանի միջեւ փոխյարաբերութիւններուն, հայոց պատմութեան, մշակոյթին, այնպէս ալ Հայոց Ցեղասպանութեան:
«19-րդ դարու վերջաւորութեան Օսմանեան կայսրութեան մէջ Պապին ներկայացուցիչը հաշուետուութիւններ ուղարկած է Վատիկան` նկարագրելով կայսրութեան քրիստոնեաներու, մասնաւորաբար հայերու վիճակը, անոնց հալածանքները», ըսած է Ամատունի Վիրաբեան:
Անոր խօսքով Հայաստանի ազգային արխիւը ունի այն բոլոր փաստաթուղթերուն պատճէնները, որոնք Վատիկանի արխիւը արդէն իսկ բացած է հետազօտողներուն առջեւ: Անոնք հիմնականօրէն գրուած են ֆրանսերէնով եւ լատիներէնով ու ներկայիս հայ մասնագէտները զբաղած են անոնց ուսումնասիրութեամբ:
Մինչեւ այժմ գաղտնի պահուող փաստաթուղթերը, ըստ Վիրաբեանի կրնան բացուիլ ուսումնասիրողներուն համար բացառապէս Հռոմի Պապի թոյլտուութեամբ:
Պատասխանելով «Մետիամաքս»-ի հարցումին Ազգային արխիւի տնօրէնը կարծիք յայտնած է, որ հայ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ ներկայիս յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը թոյլ կու տայ, որ հայկական կողմը դիմէ Պապին` զանոնք ուսումնասիրելու խնդրանքով:
«Ես կապի մէջ եմ Մայր Աթոռ Էջմիածինի հետ եւ երէկ ալ այդ հարցը քննարկեցինք: Ամենայն հաւանականութեամբ մենք կը փորձենք այս հարցը քննարկման առարկայ դարձնել Պապի այցի ընթացքին: Կը կարծեմ, որ անցեալ տարուայ Ապրիլին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ պատարագէն յետոյ, մեզի համար այս հարցը լուծելի խնդիր է», ըսած է Ամատունի Վիրաբեան: