Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան պատճառով, Հռոմի Ֆրանսիս Պապը հրաժարած է մէկ այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրները այցելելէ։ Այս մասին ըստ News.am-ի գրած է «Ռոմ Ռիփորթզ»ը: Արդարեւ Պապը 24-26 Յունիսին պիտի այցելէ Հայաստան, իսկ Հոկտեմբերի սկիզբը Ազրպէյճան եւ Վրաստան։
Պարբերաթերթը կը գրէ, թէ իր այցելութեան ընթացքին Պապը պիտի փորձէ դէմ յանդիման գալ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան, որ ծագած է նախորդ տարի Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ մեղմացնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը: «Խոր Վիրապ եկեղեցիէն պապը պիտի կարենայ տեսնել հայթրքական փակ սահմանը ու հիանալ Արարատ լեռով», գրած է թերթը:
Հռոմի մէջ Պապի հայկական քոլեճի ղեկավար հայր Գրիգոր Բադիշահ իր կարգին ըսած է, թէ Պապին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին մօտ է բոլորին եւ կը հաստատէ, որ «մեր եկեղեցիներուն միջեւ ո՛չ միայն բարեկամութիւն կայ, այլ նաեւ հաւատքի եւ յարգանքի վրայ հիմնուած խորունկ յարաբերութիւններ»։