Այսօր կը սկսի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի ուխտագնացութիւնը ի Հայաստան: Զուարթնոց օդակայանէն մինչեւ Էջմիածին մայրուղին զարդարուած է մեծ հիւրին նկարներով:
Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստան եռօրեայ այցի ընթացքին պիտի իջեւանէ Մայր Աթոռ սուրբ Էջմիածինի` Հին Վեհարանի շէնքին մէջ:
Բաւական հագեցած ժամանակացոյցով Պապի այցելութիւնը պիտի լուսաբանեն աւելի քան 600 լրագրողներ՝ աշխարհին տեղեկացնելով այս պատմական այցելութեան շուրջ, որու մասին պիտի անդրադառնանք օրը օրին: