Ֆրանսան իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր, արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած է կազմակերպելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը: Այդ մասին ազրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատուական գործակալութեան յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օրելիա Պուշէն, կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն:
«ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները, որպէս հակամարտութեան կողմերու միջնորդներ, կը շարունակեն կատարել իրենց պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ ջանքեր ներդնել վստահութեան եւ խաղաղ կարգաւորման հարցով: Ֆրանսան որպէս համանախագահող երկիր, արդէն յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը` հանդիպում կազմակերպելու Հայաստանի ու Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ», ըսած է դեսպանը:
Անոր խօսքերով Ֆրանսան որպէս ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահ երկիր, կ՛ողջունէ Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքները:
«Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելի է հասնիլ միայն մշտական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով», աւելցուցած է ան: