22 Յունիս 2016-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ՝ Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ընկեր Սերխիօ Նահապետեան:
Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը լուսաբանուեցաւ Հայաստանի մէջ տարուող սահմանադրական զարգացումներով, Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններու յետագայ զարգացումին ու համազգային խորհուրդի ձեւաւորումին հարցերով, որոնց մասին լրացուցիչ պարզաբանումներ տուաւ պարոն Յարութիւնեան:
Նշենք, որ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեան Հայաստան իր կեցութեան առաջին օրերուն, ուր ան ժամանած է ընկերանալու Հռոմի Պապի Հայաստանի ուղեւորութեան, գլխաւորելով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, այցելած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որուն հետ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը ունեցած էր երկար եւ օգտաշատ զրոյց մը՝ քննարկելով Հայրենիքն ու Սփիւռքը հետաքրքրող հարցեր եւ նախարարութեան հետ գործակցութեան ապագայ ծրագիրներ:
ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ