Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճի Մանկապարտէզի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Կրթական տարեփակի վազվզուքին, քննութիւններու հոգին ու պէյրութեան հեղձուցիչ տապին մէջ, ովասիսի տպաւորութիւն կը ստեղծեն հայկական մանկապարտէզներու հանդէսները, երբ երփներանգ տարազներով մանուկներ իրենց երգով, պարով, զաւեշտներով ու արտասանութիւններով գէթ կարճ ժամանակի համար, թարմ շունչ կը բերեն մտահոգութիւններու տակ ճնշուած մեր կեանքին՝ յիշեցնելով, որ աշխարհի մէջ դեռ կայ բարութիւն, անմեղութիւն եւ մանուկներու ժպիտին յարատեւումին համար կարելի է, պէ՛տք է մէկդի թողուլ ամէն տարակարծութիւն ու կռիւ:

18 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, Հայ Աւետարանական Գոլէճը տօնական մթնոլորտի մէջ էր. ծիլէն մինչեւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտները տարուան ընթացքին իրենց սորվածները հրամցնելու դերին մէջ էին. անոնց քառալեզու ելոյթները պարուրուած էին իւրայատուկ մանկական ինքնավստահութեամբ եւ ցոլացումն էին ուսուցչուհիներուն ու պատասխանատուներուն տքնաջան աշխատանքին: Բազմալեզու երգերուն ընդմէջէն իւրայատուկ կը հնչէին հայերէն ժողովրդական մանկական երգեր՝ առհաւատչեան մեր դարաւոր մշակոյթի յարատեւումին:

Մանկական պաշտամունքով սկսած հանդիսութեան աւարտին՝ 9 մանուկներ վկայական ստացան ձեռամբ վաստակաւոր տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի, իսկ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Հրայր Չոլաքեան, օրհնութեան աղօթքով եզրափակեց այս հոգեպարար պահը:

Վկայական ստացան Ակոբճեան Էտուին, Աբրահամեան Անտրիա, Թերզեան Զօհրապ, Ինճէեան Ռազմիկ, Ղորղորեան Միրա, Մեսճեան Ռազմիկ, Միրիճանեան Ֆապիօ, Սալիպա Անիթա-Սոֆի եւ Ֆարսագուրի Ճուտի:

IMG_9079

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին