Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր, այլ` կ՛ապրուի»

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Նախերգանք

Հայկական Բարեգարծական Ընրհանուր Միութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը փակուեցաւ 2005 թուականին:

Սփիւռքի ամենակարեւոր հայկական վարժարաններէն մին, լաւագոյն գիշերօթիկ հաստատութիւնը, Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան մէկ որոշումով պատմութեան անցաւ:

Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան հեռուն չտեսնող այդ որոշումով, արեւմտահայերէնի ամրակուռ ամրոցը ամայացաւ, փլատակներու վերածուեցաւ: Արեւմտահայերէնը ստացաւ մահացու՛ հարուած:

Հազարաւոր հայ աշակերտներ, անցնող 80 տարիներու ընթացքին յաճախեցին Մելգոնեան: Սկզբնական շրջանին հայ որբուկներն էին անոնք, անմե~ղ զոհերը Մեծ Եղեռնին: «Մանկութիւն Չունեցող» տղաքն էին անոնք, որոնք Մելգոնեանի տաքուկ յարկին տակ, ապահով, ֆիզիքական սնունդին հետ ստացան նաեւ գիտութեան լոյսը եւ հոգիի, հայու ոգիի դաստիարակութիւնը: Մաքուր Հայերն էին անոնք, որոնք Ազգին Սերմը ողջ պահեցին եւ տակաւ բազմացան:

Փոխուեցան ժամանակները, եւ որբերու զաւակնե՛րը սկսան յաճախել Մելգոնեան, ուսման այս «լուսոյ տաճար»ը, Անմահ Բարերարներուն խօսքով, «վրէ՛ժը լուծելու Թուրքէն» ՝ Հա՛յ ապրելով:

Եւ Մելգոնեանի որբանոցէն, արհեստանոցէն, վարժապետանոցէն թէ գիտական բիժիններէն աւարտական տղաքը տարածուեցան աշխարհով մէկ, Հայաստանէն մինչեւ Հոնկ Քոնկ, Նիկոսիայէն մինչեւ Աթէնք եւ Լոնտոն, Պէյրութէն մինչեւ Գահիրէ, Դամասկոս եւ Հալէպ, Պոստոնէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ եւ Ֆրէզնօ, եւ Սիտնիէն մինչեւ Մոնթրէալ եւ Թորոնթօ: Այս տղաքն ու աղջիկները իրենց հետ տարին Մեսրոպի Գիրն ու Ոգին, եղան սերմնացանները հայկականութեան, հայ դպրութեան եւ հայու մաքուր նկարագիրին:

Վահրամ Մավեանի «Ամէն Տեղ Հայ Կայ» ասոյթին քով ունեցանք «Ամէն Տեղ Մելգոնեանցի Կայ» խօսքը:

Հազարաւոր Մելգոնեանցիներ, շրջանաւարտ թէ թերաւարտ, Մելգոնեանէն տարին յիշատակներ: Ուրախ եւ յուզիչ յիշատակներ: Գունաւոր յիշատակներ:

Մելգոնեանի գիշերօթիկ կեանքը տարբեր յարաբերութիւններով շաղախեց Մելգոնեանցիները իրարու: Եւ ուր որ Մելգոնեանցին հանդիպեցաւ ուրիշ Մելգոնեանցիի, մոռցաւ իր շրջապատը եւ սկսաւ իր կարօտը պատմել միւսին: Հինը նորին, նորը հինին: Եւ զարմանալիօրէն նորը երանի տուաւ հինին ապրած օրերուն, իսկ հինը՝ նորին ապրած պայմաններուն: «Մեր օրերուն» Մելգոնեանը տարբեր էր… բայց ի~նչ անուշ էին «ձեր» օրերը: Եւ Մելգոնեանի հինն ու նորը այնպէս մը կապուեցան իրարու, որ անոնք եղան մէկ, անոնք եղան «Մելգոնեանցի»: Կարելի էր տարբեր կուսակցութիւններու պատկանիլ եւ կատաղի պայքար մղել հակառակորդին դէմ, բայց երբ երկու Մելգոնեանցիներ, հակառակորդ կուսակցութիւններէ իրարու հանդիպէին, ամէն բան կը մոռցուէր… «Մելգոնեանցի» էին:

Մելգոնեանը ապրեցաւ եւ կ՛ապրի Մելգոնեանցիներու հոգիներուն մէջ:

Բազմահազար կեանքերու, պատանի կեանքերու ապրումներով, յիշատակներու, յուշերու ոսկեշղթայ մը հիւսուեցաւ կամաց-կամաց եւ Մելգոնեանցիական պատմութիւն մը սկսաւ կերտուիլ:

Մելգոնեանցին «նոստալճիգ» մարդ մըն է, որ իր մտերմութեան մէջ եւ իր մտերիմներուն հետ կ՛ապրի Մելգոնեանի օրերը, մինչեւ 50-60-70-80 տարեկանը, եւ անկէ ալ անդին: Մելգոնեանցիէն կրնաս ամէն բան գողնալ, ամէն բան խլել, բայց չես կրնար իր յիշատակները գողնալ: Կրնաս Մելգոնեանցիին ամէն բանի համոզել, բայց չես կրնար համոզել, որ Մելգոնեանը աշխարհի լաւագոյն վայրը չէ:

Մելգոնեանցին կ՛ապրի Մելգոնեանով:

Մելգոնեանցին կ՛ապրի Մելգոնեանի պատմութեան մէջ՝ անոր պատմութիւնով:

Փրկելու համար Մելգոնեանի պատմութենէն պատառիկներ, մտածեցի Մելգոնեանի հետ կապուած կեանքէս կարգ մը յուշեր գրի առնել: Բոլոր Մելգոնեանցիներն ալ ապրած են այդ «յուշեր»ը, այդ աղուոր յուշերը, զանազան երկինքներու տակ:

Բայց Մելգոնեանը միայն մէկ երկինք ունի… կապոյտ երկինքը Մելգոնեանին՝ ուր պահած ենք մեր գաղտնի սէրերը, կամ ուրկէ ուժ առած ենք մեր սէրերը երգելու այդ երկսեռ վարժարանին մէջ:

Բոլոր Մելգոնեանցիներս ալ անխտիր կը յիշենք… մեր զոյգ շէնքերը: Պահ մը կենանք մանչերու կամ աղջկանց շէնքերուն առջեւ: Կը յիշէ՞ք, մայր դռներուն վրայ փոքր պատշգամներ կային: Մայրամուտին, մանաւանդ աշնան, երկինքը ամբողջ հրդեհուած կ՛ըլլար շիկացած արեւուն վերջին ճարագայթներէն: Երբ այդ պատշգամը ելլէինք, այդ սքանչելի տեսարանը կը վայելէինք զոյգ շէնքերուն առջեւ տարածուած պուրակներուն, ծառերուն գագաթներուն ընդմէջէն: Աննկարագրելի գեղեցկութիւն: Եւ ինչպէ~ս մեր երեւակայութիւնը թափ կ՛առնէր այդ կարմիր տեսարանին առջեւ, «մուսաները» կու գային եւ տեղւոյն վրայ բանաստեղծական տողեր կը ստեղծուէին, կամ կը յիշէինք նոր սորված սիրային բանաստեղծութիւն մը: Իսկ եթէ հիւսիւսային շէնքին (աղջկանց շէնքը) պատշգամին վրայ ալ աղջիկ մը տեսնէինք՝  բանաստեղծութիւնը կ՛առնէր մարմին եւ անուն…։

Եւ այս ու նման բազմահազար անուշ յիշատակներ ծնունդ առին Մելգոնեանի կապոյտ երկինքին տակ եւ կազմաւորեցին մեր սիրտն ու հոգին, Մելգոնեանցիի բարի նկարագիրը, հայու աղուո՜ր ոգին, 1920-ական թուականներու որբերու սերունդէն մինչեւ 1960-ական թուականներու մեր օրերը, եւ ապա մինչեւ 2005՝ երբ կանք առաւ Մելգոնեանի սիրտը…։

Երեւակայեցէք պահ մը, եթէ Մելգոնեանը բաց ըլլար, քանի~ հազար իրաքահայ եւ սուրիահայ պատանիներու ապահով ապաստան պիտի ըլլար, ուսումնարանն ու հայակերտման օճախը: Թող ոչ ոք համարձակի ըսել, որ Մելգոնեանը անկելանոց չէ: Մելգոնեան Բարերար եղբայրները այդ հաստատութիւնը հիմնեցին որպէս որբանոց-դպրոց: Չհամարձակի՛ք։

Եւ ես կ՛ուզեմ Մելգոնեանի կապոյտ երկինքին տակ հրդեհուած յիշատակներս բաժնել իմ լաւ ընկերներուս հետ: Բարի Հայերու հետ։

Այս յուշերս կը նուիրեմ Մելգոնեանցի այդ աղուոր աղջկան, որ իր սիրտը ամբողջութեանբ  տուաւ ինծի, առանց վերապահութեան – կնոջս՝ Ալիսին:

Լոս Անճելըս, 2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին