Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Անծանօթ Արժանաւորին

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

«Պզտիկ քաղաք մը ու մէջն ալ քիչ մարդ կար, եւ անոր վրայ մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց։ Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ, եւ անիկա իր իմաստութիւնով քաղաքը ազատեց, բայց այս աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ» ( Ժողովողի 9:14-15):

«Յիշող մը չեղաւ»… բայց ով գիտէ քանինե՞ր որդեգրեցին այդ ազատագրումը: Այդպէս է կանոնը բնական, դժբախտաբար: Ահա թէ ուր է ապերախտութեան արմատը: Երբ ապերախտը խոստովանի, ինքզինք վարկաբեկած կ’ըլլայ, իր ներքին «ես»ը չ՛արտօներ այլ արժէք՝  ի բաց առեալ իրմէ: Կայ ինք ու միայն ինք, ու գործածուած բառերուն առաջնութիւնը կ՛երթայ «ես» բառին, թէեւ հոլովները կը շարունակուին քերականական գիրքերու մէջ, իբրեւ «դուն» եւ «ան»…։

Ուրիշ է ի հարկէ Պօղոս Առաքեալ, որ կ’ըսէ «ոչ թէ ես, այլ Քրիստոս կ’ապրի մէջս»:

Այսինքն՝ ինք գոյութիւն չունի. պարպուած ինք իրմէ որպէսզի լեցուի Տիրոջմով…։

Այսպէս հասուն եւ խոնարհներուն համար այս է տեսանկիւնը: Հայտընի մէկ ֆիլմին մէջ, երբ Մեսայեան նուագուեցաւ ու վերջաւորութեան բուռն ծափողջիւններով ժողովուրդը դէպի իր կողմը կը նայէր, ինք՝ ցուցամատը դէպի վեր կ’ուղղէր, ըսել ուզելով ձեւով մը՝ «ոչ թէ ես, այլ վերն է… վերէն եկած է ներշնչումը»: Մինչդեռ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութեան համար «ես»ն է նախապատիւ. արդէն ամէնէն շատ գործածուած բառն է «լումա»յէն առաջ կամ՝ հաւասար անոր…։

Ինչ եւ է…։

Իսկ ապերախտութիւնը հակառակ բեւեռի կը պատկանի: Ինչ որ դրական պատահած է, ինք է տէրը, հնարիչը, ստեղծիչը…։

Սակայն յստակ է, թէ մարդ արարածը կ’ընթանայ իր սովորական հունով ու հասկացողութեամբ, իր կենդանական նկարագիրին շղթաներով, հազարաւոր տարիներէ ի վեր. իսկ եթէ կան փոփոխութիւններ, աւելի ձեւական են եւ փրփրային, քան խորքային, հակառակ մարդկայնականութիւն ջամբող բազմաթիւ փիլիսոփաներու, ընկերաբաններու եւ կրօնականներու շարքին: Անոնք կը մնան գիրքերու մէջ…։

Ու գործնականը հետեւեալն է.-

Ես եմ որ կամ… ես եմ միակը ու լաւագոյնը…

Ու կարաւանը մարդկային կը քալէ ու քալէ…

«Եւ յիշող մը չեղաւ»:

Ահա, յիշեցինք, անծանօթ արժանաւորը:

Փառք այդպիսիներուն:

Ծանօթները անթիւ են ու անհամար:

Կեցցէն ամէնն ալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին