Ռուսաստանի Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները պայմանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման լրացուցիչ ուժականութիւն հաղորդելու:
«ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան փոխանցմամբ, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լավրով՝ ամփոփելով Վլատիմիր Փութինի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
«Երեք երկիրներու նախագահները համաձայնեցուցած են եռակողմ յայտարարութիւնը, որուն մէջ կ՛արտայայտուի հաւատարմութիւն քաղաքական կարգաւորման կայուն առաջընթացի հարցով», ըսած է Լավրով: Անոր խօսքերով վերջին օրերուն հրադադարը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը պահպանուի: «Երկիրներու ղեկավարները հանդիպած են առանց ուղեկիցներու եւ օգնականներու», «Արցախփրես»ի փոխանցմամբ աւելցուցած է ան: