Յունիս 19-ին Արամ Խաչատարեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճանչցուած պարուսոյց, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Կարապետեանի ծննդեան 65-ամեակին եւ ստեղծագործական գործունէութեան 45-ամեակին նուիրուած համերգ, որուն կը մասնակցէր ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան:
Բարձր գնահատելով Սփիւռքի մէջ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման մէջ Գագիկ Կարապետեանի ունեցած ներդրումը, ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութիւնը, Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման մէջ ունեցած նշանակալի աւանդը` Գագիկ Կարապետեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Գագիկ Կարապետեան համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի 30 երկիրներու մէջ, մասնակցած նախկին Խորհրդային Միութեան համամիութենական եւ միջազգային փառատօններու: Ազգային հիմքերով ստեղծած անոր բեմադրութիւններէն են «Զարթօնք», «Մայրութիւն», «Արցախի», «Իշխանապար», «Ազգագրական պարեր», «Քոչարի», «Մարտապար», «Վահագնի ծնունդը» եւ այլն:
Գագիկ Կարապետեան համագործակցած է Նիւ Եորքի ՀԲԸՄ «Անդրանիկ», Հալէպի «Սարդարապատ», Պուէնոս Այրէսի «Գայեանէ», Մոսկուայի «Հայորդիք» պարախումբերու, Թեհրանի «Արարատ» մշակութային կեդրոնին հետ` բեմականացնելով բազմաթիւ պարեր, Սփիւռքի մէջ տարածելով եւ զարգացնելով հայկական պարարուեստը: