Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Շրջանաւարտ 27 Ծաղիկները Կ’ըսեն. «Մենք Արցախն Ենք, Մենք Մեծ Սփիւռքն Ենք, Մենք Միասին Կը Կոչուինք Հայաստան»

Շաբաթ, 18 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Պետողլեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի հանդէսը, ներկայութեամբ արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի (Պէյրութի Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս), Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեանի եւ իր ազնուափայլ տիկնոջ, ՀՀ հիւպատոս տիար Աշոտ Վարդանեանի, գերապատիւ հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեանի (Զմմառու վանքի նորընծայարանի ընդհանուր տեսուչ), ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, շրջանաւարտ աշակերտները մուտք գործեցին սրահ եւ բեմին վրայ գրաւեցին իրենց տեղերը: Անոնք մանկական արտայայտութիւններով հրաժեշտ տուին իրենց դրախտային մանկապարտէզին, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ուսուցչուհիներուն: «Եա Ոսաս» եւ «Վերջին Զանգ» երգերու կատարումէն ետք, անոնց բեմ հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանը: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը գեղարուեստական ձեւով կը ներկայացնէ ուսուցչուհիներուն ամբողջ տարուան ցանքին արգասիքը: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնելով ծնողներուն՝ դպրոցին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար հաւաստիացուց, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը պիտի շարունակէ մնալ այն կրթօճախը, ուր մանուկը կ’արժանանայ  յատուկ գուրգուրանքի, կ’աճի լաւ միջավայրի մէջ, կը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն եւ կ’ամբարէ իր զարգացման համար անհրաժեշտ բոլոր գիտելիքները: Ան նաեւ շեշտեց, որ ոչ մէկ օտար վարժարան կրնայ հայ աշակերտին ապահովել այն ինչ կը տրամադրէ հայկական վարժարանը՝ հայկական ինքնութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ հայ դպրոցը ոչ մէկ բանով կը զիջի օտար վարժարաններուն դիմաց, ինչ կը վերաբերի անոր ընծայած կրթութեան եւ ուսման մակարդակին:

Տիկ. Պոյաճեան այս առիթով շնորհաւորեց գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանը, որ նշանակուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը եւ մաղթեց, որ եկեղեցի-դպրոց երկու կառոյցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մնայուն համագործակցութեամբ արձանագրենք նորանոր նուաճումներ, ծառայելով մեր գաղութի զաւակներուն: Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց գերապայծառ հայր Ասատուրեանը եւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանը ու կատարուեցաւ 27 ծաղիկներու վկայականներու բաշխումը:

Ասատուրեան եպիսկոպոսը խօսք առնելով ըսաւ. «Ծնողները կեանք կու տան իրենց զաւակներուն, իսկ դպրոցը լոյս կու տայ անոնց, եւ կեանքը առանց լոյսի ոչ մէկ իմաստ ունի, հետեւաբար մեր զաւակներուն համար մենք պէտք ունինք հայ դպրոցի լոյսին ու դաստիարակութեան»: Ան իր խօսքը փակելով մաղթեց, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը շարունակէ ծաղկիլ եւ ամէն տարի սիրասուն ծաղիկներ տալ, որոնցմով կը հպարտանայ հայ ազգը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով կոկոն դասարանը արաբերէն «Ալէֆ, Պէ, Պուպէյէ» երգով ներկայացուց դասարանի պատկերը, որուն յաջորդեց ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն բեմականացումը՝ Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք Մարդը» գործին: Կոկոն, բողբոջ եւ ծիլ դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուցած պարերէն ու երգերէն ետք, յայտագիրը իր լրումին հասաւ «Հայեր Միացէք» երգով, որ զօրակցութեան արտայայտութիւն էր Արցախին եւ միասնութեան կոչ հայերուն, «մենք Արցախն ենք, մենք մեծ Սփիւռքն ենք, մենք միասին կը կոչուինք Հայաստան» կարգախօսով:

Աւարտին Տիկ. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեց Մանկապարտէզի բոլոր անձնակազմին, ի մասնաւորի մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանին, որուն պարգեւատրման համար բեմ հրաւիրեց մեծարգոյ դեսպանը: Տիկ. Տէրտէրեանի կողքին պարգեւատրուեցաւ նաեւ վարժարանիս վարորդներու պատասխանատու՝ Պրն. Ժոզէֆ Մեսճեանը, իրենց ծառայութեան արծաթեայ յոբելեանին առիթով:

* * *

Նշենք նաեւ, որ Ուրբաթ, 17 Յունիսի երեկոյեան, դպրոցին 4-րդ յարկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանիս մէջ երկու տարիներէ գործող՝ ուսման յատուկ կարիքներ ունեցողներու բաժանմունքի մանկապարտէզի աշակերտներուն հանդէսը, ներկայութեամբ ծնողներու եւ հարազատներու: Հանդէսի ընթացքին աշակերտները իրենց կարողութեան համաձայն, ներկայացուցին երգերու եւ պարերու գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք չորս աշակերտներ ստացան իրենց վկայականները:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

IMG_1186

IMG_0919

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին