Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Հայկական Արտադրութեան Սննդամթերքը Կը Վաճառուի Ռուսական X5 Retail Group Ցանցի Խանութներուն ՄԷջ

X5 Retail Group-ը սննդամթերք կը ներմուծէ Հայաստանէն` անմիջապէս արտադրողներէն: Այդ մասին Փեթերսպուրկի տնտեսական համաժողովին  յայտնած է ընկերութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Իկոր Շեխտերման:

Ըստ անոր այսօրուան դրութեամբ ընկերութիւնը ապրանքներ կը ներկրէ աւելի քան 25 երկիրներէ: Հեռանկարին մէջ ընկերութիւնը մտադիր է աշխատելու անմիջապէս արտադրողներուն հետ: Այժմ ընկերութիւնը այդ ձեւով ապրանքներ կը գնէ Չինաստանի եւ Սերպիոյ արտադրողներէն:

Ուղիղ մատակարարումներու մասին բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան Հայաստանի, Ուզպեքստանի, Մերձաւոր Արեւելքի ու Լատինական Ամերիկայի երկիրներու հետ: Անիկա թոյլ կու տայ կրճատելու ծախսերն ու նուազեցնելու ապրանքի արժէքը, որ դրական կ’անդրադառնայ սպառողական գինի վրայ, կը յայտնէ rusarminfo-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին