*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Պէյրութի Վէրտէն շրջանի ՊԼՕՄ դրամատան պայթումին պատասխանատու կողմը այդպէս ալ չբացայայտուեցաւ…:
Արդէն հակառակն ալ սպասելը ծայրայեղ լաւատեսութիւն էր, որովհետեւ ապահովական գետնի վրայ այնքան պաշտպանուած եւ տեսողական գործիքներով հարուստ վայրի մը մէջ պատահած՝ ահաբեկչութեան մը ծալքերը չկարենալ բացայայտելը եթէ այսքան ժամանակ առաւ՝ այս մէկը կը նշանակէ, որ այլեւս շատ մանրամասնութիւն պէտք չէ սպասել այդ թղթածրարէն…:
Դատական իշխանութիւններէն հեռու եղան սակայն քաղաքական ամբաստանութիւններ, որոնցմէ վերջինը արդարադատութեան հրաժարած նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի նորագոյն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան դարձեալ բացայայտօրէն ամբաստանեց Հըզպալլան…:
Հակառակ այս բոլորին ըստ երեւոյթին մթնոլորտը խաղաղ է Հըզպալլայի եւ Կեդրոնական Դրամատան միջեւ ու որոշ միջամտութիւններ իրենց պտուղը տուած են՝ ալա լիբանանեան ձեւով եւ ինչպէս տեղական ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «ոչ գայլը թող մեռնի, ոչ ալ ոչխարներու հօտը չքանայ»…:
Նայինք մինչեւ երբ այս կեղծիքը պիտի շարունակուի…: