Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Սեւան Եւ Աւիլիանա Քաղաքները Քոյր Քաղաքներ Հռչակուեցան

Ծրագիր մը, որ տարիներէ ի վեր հետապնդուած էր, վերջապէս իրականացաւ: Կնքուեցաւ համաձայնագիր Իտալիոյ եւ Հայաստանի երկու քաղաքներու քացաքապետերուն կողմէ, Աւիլիանայի` Անճելօ Փաթրիցիոյի եւ Սեւանի` Ռուտիկ Ղուկասեանի միջեւ, Աւիլիանայի խորհուրդի պալատին մէջ, հռչակելով Սեւան եւ Աւիլիանա քաղաքները քոյր քաղաքներ, որոնք պիտի գործակցին մշակութային, մարզական, երիտասարդական, արուեստի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներէն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։

Ներկայ էին նաեւ ՀՀ Դեսպանուհի Տիկ. Վիքթորիա Պաղտասարեանը, փոխ. Դեսպ. Տիկ. Անահիտ Թովմասեանը, Դեսպ.ի օգնական Վիքթորիա Պօղոսեանը, Պր. Ղուկասեանի օգնական Դաւիթ Թորոսեանը , Փրոֆ. Պայքար Սիվազլեանը եւ հոծ բազմութիւն մը: Այս վայրէն քանի մը քլմ. Հեռաւորութեան վրայ զետեղուած Խաչքարի օրհնութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ, Միլանոյի Հայկական Եկեղեցվոյ Հոգեւորական Հայր Թովմայի Ձեռամբ:

Ներկայ էին Քաղաքապետերը, Դեսպանուհին իր անձնակազմով, տեղւոյն կաթողիկէ Հոգեւոր Հովիւը եւ Միլանոյի հայկական համայնքէն ներկայացուցիչներ ու Աւիլիանայի բնակիչներ: Հանդիսութիւնները աւարտեցաւ ճոխ հիւրասիրութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին